Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Թուրք Մտաւորական Քատիր Աքընի Այցը Ժընեւ

Թուրք Մտաւորական Քատիր Աքընի Այցը Ժընեւ

by MassisPost

Ուրբաթ, 27 Յունուար 2017-ին, Ժընեւի մէջ կայացաւ շահեկան հանդիպում մը Փարամազի գործունէութեան մասին պատմող գիրքի հեղինակ, թուրք քաղաքական գործիչ եւ մտաւորական Քատիր Աքընի եւ Դոկտ. Աբէլ Քհնյ. Մանուկեանի միջեւ։ Նկատի ունենալով, որ Տ. Աբէլ նախապէս հրատարակած էր Հնչակեան Կուսակցութեան կազմաւորման պատմութեան մասին փաստագրական-պատմական գիրք մը, Քատիր Աքըն ցանկութիւն յայտնած էր հանդիպելու վերջինիս հետ՝ խորհրդակցելու եւ արխիւային նիւթերու վերաբերեալ փորձառութիւններ փոխանակելու նպատակով։ Քատիր Աքըն Զուիցերիա կ’այցելէր թուրք ընկերվարականներու հրաւէրով` Ցիւրիխի, Լոզանի եւ Ժընեւի մէջ իր գիրքին, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ ընկերվարական շարժումին վերաբերեալ դասախօսութիւններու շարք մը ներկայացնելու ծրագրով։

Շուրջ երկու ժամ տեւող բարեկամական խօսակցութեան ընթացքին, երկու հեղինակները զրուցած են Թուրքիոյ մէջ ընկերվարական շարժումի սկզբնաւորութեան, անոր արագ տարածումին, բայց ափսոս, Հայոց Ցեղասպանութեան հետեւանքով անոր կրած մահացու հարուածին մասին։ Տ. Աբէլ իր զրուցակիցին ցոյց տուած է Զուիցերիոյ արխիւներուն մէջ պահպանուած փաստաթուղթերը, որոնք կու գան ապացուցելու ոչ միայն հայ ուսանողներու յեղափոխական եւ ընկերվարական գաղափարներով տոգորուած ըլլալու փաստը, այլ նաեւ անոնց մասնաւոր ծրագիրը՝ նոյն գաղափարական համոզումները փոխադրելու Օսմանեան Կայսրութիւն՝ թուրք ժողովուրդին, նաեւ կայսրութեան սահմաններէն ներս սուլթանական բռնատիրութեան տակ հեծող ազգային բոլոր փոքրամասնութիւններուն եղբայրական համակեցութեան եւ ազատութեան անկապտելի իրաւունքին հաղորդակից դարձնելու համար։

Տ. Աբէլ հիմնաւորեց Աքընի փափաքը այս ուղղութեամբ՝ ըսելով, որ բնականաբար օգտաշատ պիտի ըլլար, եթէ Փարամազի յեղափոխական գործունէութեան մասին պատմող վերջինիս հատորը հայերէն եւ անգլերէն լեզուներու թարգմանուէր, որպէսզի 21-դարու թուրք հեղինակի մը ուսումնասիրութիւնն ու եզրակացութիւնները մերժողականութեան կողմնակից տարատեսակ հեղինակներու եւ հասարակութեան մօտ առաւել եւս ամրապնդէր Հայ Դատի, ինչպէս նաեւ Հայոց պահանջատիրութեան անհերքելիութեան եւ անժամանցելիութեան փաստը։

Երկու հեղինակները հրաժեշտ տուին իրարու՝ վերոյիշեալ պատմագիտական ուսումնասիրութիւններուն շուրջ համագործակցելու եւ հետազօտական նոր յայտնաբերումներու արդիւնքները փոխանակելու համաձայնութեամբ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment