Թուրքիոյ արտաքին գործերու նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն Սթրասպուրկի մէջ թրքական հիւպատոսարանին մէջ հանդիպում ունեցած է Ֆրանսայի թրքական համայնքի անդամներուն հետ, որուն ժամանակ կոչ ըրած է աւելի համակարգուած գործելու հայկական սփիւռքի ներկայացուցիչներուն դէմ:
Չաւուշօղլուն հանդիպման ժամանակ յայտարարած է, որ Ֆրանսայի մէջ հայկական սփիւռքի մէկ մասը դէմ է Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի հետ Հայաստանի յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին: Նշելով, որ Ֆրանսայի մէջ 800 հազար թուրք քաղաքացի կայ` Չաւուշօղլուն յայտարարած է, որ Թուրքիան կրնայ աւելի արդիւնաւէտ ըլլալ յատկապէս քաղաքականութեան եւ լոպպիստական գործունէութեան մէջ: «Դուք պէտք է աւելի կազմակերպուած կերպով ձեր ձայնը բարձրացնէք հայկական սփիւռքին դէմ, սիրելի՛ քաղաքացիներ», դիմելով թրքական համայնքի ներկայացուցիչներուն` ըսած է Չաւուշօղլուն: