ՀՀ Գերագոյն Շտաբի պետ, զօրավար Էտուարտ Ասրեան ընդունած է ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղար Սթանիսլաւ Զասի գլխաւորած պատուիրակութիւնը: Այս մասին յայտնած են ՀԱՊԿ-էն:
Հանդիպման ընթացքին մանրամասն քննարկուած է Հայաստանի սահմանամերձ շրջաններու առանձին հատուածներուն մէջ տիրող իրավիճակը, ինչպէս նաեւ ստեղծուած իրավիճակին մէջ կազմակերպութեան հետագայ հնարաւոր քայլերը: