Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի Արեւմտամէտներու Չափազանց Խանդավառութիւնը

Հայաստանի Արեւմտամէտներու Չափազանց Խանդավառութիւնը

by MassisPost

Շաբաթավերջին Երեւան այցելեց  Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու Տան Խօսնակ` Նենսի Փելոսին:  Ամերիկայի սահմանադրութեան համաձայն Ներկայացուցիչներու Տան Խօսնակը կը նկատուի երկրի երրորդ բարձրաստիճան պաշտօնեան եւ այն պարագային երբ նախագահն ու փոխ-նախագահը հրաժարին կամ մահանան, Ներկայացուցիչներու Տան Խօսնակը կը ստանձնէ նախագահի պաշտօնը: Այսպիսով Փելոսի  դարձաւ Ամերիկացի ամենէն բարձրաստիճան պաշտօնեան, որ երբեւիցէ այցելած է Հայաստան:

Նենսի Փելոսիի ժամանումը Երեւան մեծ տարողութիւն ստացաւ մանաւանդ որ, այս այցը անմիջապէս կը յաջորդէր Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի սահմաններէն ներս ներխուժման ու այդ առթիւ տեղի ունեցած ռազմական գործողութիւններուն: Շատեր այս այցելութեան մէջ տեսան Միացեալ Նահանգներու կողմնորոշումը դէպի Հայաստան` ընդդէմ Ատրպէյճանի: Այս առումով Նենսի Փլոսի յուսախաբ չըրաւ Հայ հասարակութիւնը, ու ան յստակ կերպով դատապարտեց Պաքուի նախայարձակ գործողութիւնները Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին դէմ: Փելոսի նաեւ դուռը բաց ձգեց Երեւանին ռազմական օժանդակութիւն ցուցաբերելու առումով` ըսելով թէ, եկած են լսելու, հասկանալու, թէ ինչ կրնանք ընել, ինչ կրնայ ակնկալուի մեզմէ:

Ամերիկեան պատուիրակութեան անդամներու այցելութիւնը զօրաշարժի ենթարկեց արեւմտամէտ շրջանակները, որոնք հանրահաւաքներով, ցոյցերով ու յայտարարութիւններով եկան պահանջելու որ, ժամանակը եկած է դուրս գալու Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագրի Կազմակերպութենէն (ՀԱՊԿ), որուն մաս կը կազմեն նաեւ Ռուսաստան, Պելառուս, Ղազախիստան, Ղրխզստան եւ Տաճիկիստան: Հայ հասարակութեան մօտ արդէն իսկ սկսած է ընդհանրանալ այն կարծիքը, թէ այդ կառոյցը կը թերանայ իր դաշնակցային պարտաւորութիւնները կատարելու մէջ` պաշտպանելու համար անդամ մէկ երկրի հողային ամբողջականութիւնը ու կը խուսափի ռազմական առճակատման մտնելէ Ատրպէյճանի ու անուղղակի կերպով Թուրքիոյ հետ:

Նոյնիսկ, իշխանութեան ներկայացուցիչները սկսած են կորսնցնել յոյսը, որ ՀԱՊԿ որպէս կառոյց կրնայ օգնութեան հասնիլ Հայաստանին:

Հայաստանի քաղաքացիները իրաւունք ունին իրենց յուսախաբութիւնը յայտնելու ՀԱՊԿ-ի ու նաեւ Ռուսաստանի որդեգրած ոչ յստակ դիրքորոշումներուն նկատմամբ: Սակայն, այս հանգրուանին ՀԱՊԿ-էն դուրս գալը ունի իր անպատեհութիւնները: Այդ քայլով մեծ խզում կը յառաջանայ Հայաստանի եւ Ռուսաստանի միջեւ, իսկ Հայաստան տակաւին պատրաստ չէ նման «արկածախնդրութեան.., որուն հետեւանքները կրնան  վնաս հասցնել նաեւ Արցախահայութեան: Հայաստան մնալով ՀԱՊԿ-էն ներս, առնուազն կրնայ արգելափակել Ատրպէյճանի մուտք հոն:

Ամերիկայի մասով պէտք է մատնանշել, որ Նենսի Փելոսի կը ղեկավարէ օրէնսդիր իշխանութիւնը, իսկ արտաքին քաղաքականութիւնը ու ռազմավարական հարցերը կ’իյնան գործադիր իշխանութեան, այսինքն Սպիտակ Տան ծիրէն ներս:

Ամբողջութեամբ Միացեալ Նահանգներուն վրայ ապաւինելու կողմնակիցներուն պէտք է յիշեցնել, որ Ամերիկան այդքան ալ վստահելի դաշնակից մը չէ: Օրինակները բազմաթիւ են, սկսած Իրաքէն, Քիւրտերու հետ պատահածէն, իսկ վերջերս Աֆղանիստանէն հապճեպ հեռանալէն:

Միացեալ Նահանգներու մէջ նախագահները կը փոխուին եւ նոր եկող վարչակազմը կրնայ նոյն հետաքրքրութիւնները չունենալ Կովկասի նման հեռու տարածաշրջանի մը նկատմամբ: Ներկայիս Ճօ Պայտընի վարչակազմը մօտէն հետաքրքրուած է Հարաւային Կովկասով եւ կը կատարէ իր միջամտութիւնները: Նախկին վարչակազմը, որ կար 44-օրեայ պատերազմի շրջանին, ցուցաբերեց խիստ կրաւորական կեցուածք` բաւարարուելով մի քանի զինադադարի կոչերով:

Անոնք, որոնք կը խորհին թէ, Ռուսաստանը դուրս մղելով Հայաստանէն մեր բոլոր հարցերը կը լծուին ու մեր «դժբախտութիւնները» կը վերանան, ցոյց կու տան իրենց քաղաքական տհասութեան աստիճանը:

Հայաստանի իշխանութիւններու ներկայիս վարած բազմաբեւեռ քաղաքականութիւնը  երաշխիքներէն մին է դիւանագիտական գետնի վրայ յաջողութիւններու հասնելու եւ պաշտպանելու երկրի հողային ամբողջականութիւնը: Իսկ բոլորս գիտենք որ, գլխաւոր երաշխիքը ուժեղ բանակ ունենալն է, որու ուղղութեամբ կը հաւատանք որ, կ’առնուին անհրաժեշտ քայլերը:

Մինչ այդ, կը յուսանք որ, Հայաստանի արեւմտամէտ տարրերը, պահելով հանդերձ իրենց քաղաքական հայեացքները, ըլլալ աւելի իրատես ու չափէն աւելի չխանդավառուին մէկ այցելութեամբ եւ կամ մէկ զօրակցական արտայայտութեամբ:

Գ. ԽՈՏԱՆԵԱՆ
«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment