Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է ամերիկեան արտաքին քաղաքականութեան փորձագէտ եւ Ժողովրդավարութեան Աջակցութեան Ազգային Հիմնադրամի նախագահ Տէյմըն Ուիլսընը:
Վարչապետը ընդգծած է, որ ժողովրդավարութեան զարգացումն ու ամրապնդումը Հայաստանի կառավարութեան կարեւորագոյն առաջնահերթութիւններէն մէկն է եւ նշած է, որ Հայաստանի մէջ ժողովրդավարական բարեփոխումներ կ’իրականացուին շարք մը ոլորտներու մէջ: Այս ծիրին մէջ, Նիկոլ Փաշինեան կարեւորած է ԱՄՆ եւ միջազգային այլ գործընկերներու օժանդակութիւնը Հայաստանի մէջ ժողովրդավարական հիմնարկներու ամրապնդման գործին մէջ:
Տէյմըն Ուիլսըն նշած է Ժողովրդավարութեան Աջակցութեան Ազգային Հիմնադրամի յանձնառութիւնը` սերտօրէն համագործակցելու հայաստանեան տարբեր կառոյցներու հետ ժողովրդավարութեան զարգացման ուղղութեամբ:
Զրուցակիցները միտքեր փոխանակած են փոխգործակցութեան հնարաւորութիւններու շուրջ: