Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Անգարան Երեւանին Առաջարկած Էր Հիւրընկալել 2 Երկիրներու Յարաբերութիւնները Կարգաւորող Առաջին Հանդիպումը. Չաւուշօղլու

Անգարան Երեւանին Առաջարկած Էր Հիւրընկալել 2 Երկիրներու Յարաբերութիւնները Կարգաւորող Առաջին Հանդիպումը. Չաւուշօղլու

by MassisPost

«Մենք Հայաստանին առաջարկած էինք՝ ըսելով, որ առաջին հանդիպումը կրնանք անցընել Երեւանի մէջ, բայց Հայաստանը դեռ պատրաստ չէ անոր` ներքին ճնշման պատճառով», ըսած է Թուրքիոյ արտաքին գործերու նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն Աւստրիոյ արտաքին գործերու նախարար Ալեքսանտր Շալենպըրկի հետ Անգարայի մէջ կայացած մամուլի համատեղ ասուլիսին:

Երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները կարգաւորելու համար նշանակուած կողմերու բանագնացները առաջին հանդիպումը Մոսկուայի մէջ կայացնելէ յետոյ, այնուհետեւ երեք անգամ հանդիպած են Վիեննայի մէջ:

Չաւուշօղլուն շնորհակալութիւն յայտնած է Աւստրիոյ եւ հարց բարձրացուցած, թէ ինչո՞ւ յաջորդ հանդիպումները չանցընել Թուրքիոյ կամ Հայաստանի մէջ:

Ան հաստատած է, որ Թուրքիան Ատրպէյճանի հետ կը խորհրդակցի Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները բնականոնացնելու իւրաքանչիւր փուլը:

«Մենք կը փափաքինք, որ գործընթացը շարունակուի փուլ առ փուլ», ըսած է Թուրքիոյ արտաքին գործերու նախարարը, նշելով, որ միւս կողմէ Անգարան նաեւ կը պաշտպանէ հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու բնականոնացումը:

Ատրպէյճանական լրատուամիջոցներու փոխանցմամբ` Չաւուշօղլուն խօսելով հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւնները բնականոնացնելու մասին, ըսած է, որ պէտք է բանալ «Զանգեզուրի միջանցքը», որ պէտք է ստեղծուի Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ համաձայնութիւններու հիման վրայ, ինչպէս նաեւ իրականացնել ճանապարհային փոխադրութեան այլ ծրագրեր:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment