«Քաղաքացիական Պայմանագիր» խմբակցութեան պատգամաւոր, ՀՀ Ազգային Ժողովի Պաշտպանութեան եւ Անվտանգութեան Հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Անդրանիկ Քոչարեան անդրադարձաւ «Դիմադրութեան» շարժման` Ֆրանսայի հրապարակէն վրանները հաւաքելու որոշման:
«Կարծում եմ, որ ընդդիմութիւնը ճիշդ գնահատեց ստեղծուած իրավիճակը եւ ճանապարհը բացեցին` խոչընդոտներ չառաջացնելու մեր քաղաքացիների համար», ըսաւ Անդրանիկ Քոչարեան:
Անոր խօսքով` իշխող խմբակցութիւնը պատրաստ է որեւէ հարց քննարկելու Ազգային Ժողովին մէջ, քանի որ Հայաստանին համերաշխութիւն պէտք է:
«Բնականաբար, իրենք պէտք է իրենց այդ որոշումը արձանագրէին յաղթանակով եւ պէտք է տեսնէին, որ եթէ իրենք չլինէին, Հայաստանի Հանրապետութիւնը ոչնչացուած պէտք է լինէր: Դա այդպէս չէ: Մենք էլ ասում ենք, որ Հայաստանին համերաշխութիւն է պէտք, եւ համերաշխութեան հարթակն Ազգային Ժողովն է: Ինչո՞ւ են փախել Ազգային Ժողովից, ինչո՞ւ չեն վերադառնում: Ես բազմիցս ասել եմ, որ իշխանութեանը պէտք է ընդդիմութիւն, եւ, եթէ ընդդիմութիւնն ակնկալիք ունի ապագայում դառնալ իշխանութիւն, պէտք է շարժուի Սահմանադրութեան պահանջներով», ըսաւ Քոչարեան: