Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան աշխատակիցները բերման ենթարկեցին «Երկիր Մետիա» հեռուստաընկերութեան տնօրէն Բագրատ Եսայեանը:
Բագրատ Եսայեանի պաշտպան Սերկէյ Յարութիւնեան յայտնեց, որ Եսայեանը կ’անցնի Նոյեմբեր 9-ի լոյս 10-ի գիշերուայ գործով, եւ զայն կալանաւորելու միջնորդութիւն եղած է դատարան:
«Բերման ենթարկելու եւ ձերբակալելու որոշումը տարօրինակ է, որովհետեւ Բագրատ Եսայեանը ծանուցագրի առկայութեան դէպքում միանշանակ կը ներկայանար», յաւելեց անոր փաստաբանը` նշելով, որ այս գործով կալանաւորուած են նաեւ Նարեկ Մանթաշեանը եւ Գերասիմ Վարդանեանը: