Ռուսիոյ արտաքին գործերու նախարար Սերկէյ Լաւրով ժամանած է Երեւան:
Հայաստանի Արտաքին Գործերու Նախարարութեան մամուլի խօսնակին փոխանցմամբ` օդակայանին մէջ զայն դիմաւորած է հայաստանեան արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավար Արարատ Միրզոյեանը:
Աւելի առաջ հաղորդուած էր, որ Յունիս 9-ին Հայաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան մէջ պիտի կայանայ Սերկէյ Լաւրովի եւ Արարատ Միրզոյեանի հանդիպումը:
Նախատեսուած են նաեւ հանդիպումներ նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ: