Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ Դատարանը Մերժեց Օնիկ Գասպարեանի Հայցը Ընդդէմ Արմէն Սարգսեանի Եւ Նիկոլ Փաշինեանի

Դատարանը Մերժեց Օնիկ Գասպարեանի Հայցը Ընդդէմ Արմէն Սարգսեանի Եւ Նիկոլ Փաշինեանի

by MassisPost

Վարչական Դատարանը` դատաւոր Ռաֆիկ Խանդանեանի նախագահութեամբ, մերժած է ՀՀ Զինուած Ուժերու Գլխաւոր Շտաբի նախկին պետ, զօրավար-գնդապետ Օնիկ Գասպարեանի հայցը ընդդէմ ՀՀ չորրորդ նախագահ Արմէն Սարգսեանի եւ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի: Այս մասին տեղեկացուցած է փաստաբան, Օնիկ Գասպարեանի ներկայացուցիչ Շուշան Ստեփանեանը: «Հայցը մերժուած լինելու մասին տեղեկացել եմ դատարանի աշխատակազմից: Վճիռը դեռեւս չենք ստացել, հետեւաբար այս պահին չեմ կարող նշել բողոքարկելու ենք, թէ` ոչ»,  նշեց փաստաբանը:

Օնիկ Գասպարեանը հայցադիմում ներկայացուցած էր դատարան` պահանջելով առոչինչ ճանչնալ իրաւունքի ուժով ընդունուած Հանրապետութեան նախագահին` Զինուած Ուժերու Գլխաւոր Շտաբի պետ, զօրավար-գնդապետ Օնիկ Գասպարեանը պաշտօնէն ազատելու վերաբերեալ հրամանագիրը, ինչ որ հաստատուած է 2021 թուականի Մարտ 10-ին` վարչապետին` Օնիկ Գասպարեանը ՀՀ Զինուած Ուժերու Գլխաւոր Շտաբի պետի պաշտօնէն իրաւունքի ուժով ազատուած համարելու մասին յայտարարութեամբ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment