Հայաստանի ֆութպոլի հաւաքականը Ազգերու Լիկայի B ենթախումբի առաջին խմբակի առաջին հանգրուանին խաղցաւ Իրլանտայի հաւաքականի հետ: Վազգէն Սարգսեանի անուան Հանրապետական մարզադաշտին վրայ կայացած խաղի առաջին վայկաներուն նախաձեռնութիւնը ամբողջութեամբ Իրլանտայի ի նպաստ էր: Հայաստանի ընտրանին երբեմն-երբեմն հակայարձակուներու կը դիմէր:
Խաղի առաջին կէսը աւարտեցաւ 0-0 արդիւնքով։
Երկրորդ խաղակէսի սկզին Հայաստանի հաւաքականը կրկին կը պաշտպանուէր յոյսը դնելով հակայարձակումներու վրայ: 74-րդ վայկանին հեռուէն ճշկրիտ հարուածով աչքի ինկաւ 21-ամեայ Էտուարտ Սպերցեանը:
Խոակին Կապառոսի գլխաւորած խումբը կը փորձէր կրտկնպատկել իր արաւելութիւնը, սակայն չկարողացաւ հասնիլ յաջողութեան:
Այսպիսով Հայաստան յաղթեց նուազագոյն արդիւնքով:
Ազգերու Լիկայի A ենթախուբէն ներս Հայաստանի ազգային խումբը իր յաջորդ հանդիպումը կ’ունենայ Ցունիսի 8-ին` հիւրընկալուելով Սկովտիայի հաւաքականին: