Հայաստանի կառավարութիւնը յոյս ունի դէպի Ատրպէյճան ու Իրան երկարող երկաթուղիի վերագործարկման շուրջ ներկայիս բանակցութիւններու շնորհիւ` մօտ ապագային Պաքուի ու Թեհրանի հետ ստորագրել մաքսային եւ սահմանային հսկողութեան առնչուող փաստաթուղթեր:
Կառավարութեան այս Մայիս 17-ի նիստին, յայտարարելով, թէ գործադիրը վերաձեւակերպած է «Հիւսիս-հարաւ» նախագիծը` դարձնելով «հիւսիս-հարաւ/արեւելք-արեւմուտք» կամ «Հայկական խաչմերուկ», եւ յոյս ունի այն մեծ կշռոյթներով իրականացնել` վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը միաժամանակ նշեց, որ Երասխ-Ճուլֆա-Մեղրի-Հորատիզ երկաթուղիի վերագործարկման վերաբերեալ յառաջիկային կը սպասուի փաստաթուղթի ստորագրում:
Թէ ի՞նչ փաստաթուղթի մասին է խօսքը, փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանի գրասենեակէն մանրամասնած են. «Երբ խօսք է գնում տարածաշրջանային նշանակութիւն ունեցող ենթակառուցուածքի մասին, ակնյայտ է, որ պէտք է նաեւ յարաբերութիւններ կարգաւորուեն դրա հետագայ շահագործման հետ կապուած այն հարեւան երկրների հետ, որոնք իրենց հերթին, իրենց ենթակառուցուածքներով, միանում են այդ ենթակառուցուածքին: Տուեալ դէպքում դա Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութիւնն է: Համապատասխանաբար, մաքսային եւ սահմանային հսկողութեան հետ կապուած բոլոր այն հարցերը, որոնք այս պահին կարգաւորուած չեն կողմերի միջեւ, պէտք է կարգաւորուեն: Բնականաբար, պէտք է կարգաւորուեն նաեւ ենթակառուցուածքի լիարժէք շահագործման նպատակով կողմերի` շինարարական աշխատանքների զուգահեռ անելիքները եւ դրանց ժամանակացոյցը: Այս պահին որեւէ փաստաթուղթ դեռ չի ստորագրուել, բայց յոյս ունենք, որ մօտ ապագայում կը համաձայնեցուի եւ կը ստորագրուի»: