Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ուքրանիա. 10 Հարցում

Ուքրանիա. 10 Հարցում

by MassisPost

harut portraitՅԱՐՈՒԹ ՏԷՐ ԴԱՒԻԹԵԱՆ

ԱՄՆի վայելած համաշխարհային դիրքին մեծագոյն վտանգը կու գայ Չինաստանէն: Ուրեմն փոխանակ կեդրոնանալու Չինաստանի մարտահրավէրը դիմագրաւելու աշխատանքին վրայ, ինչո՞ւ համար ԱՄՆը ճակատ կը բանայ Ռուսիոյ դէմ, փոխանակ փորձելու սիրաշահիլ Ռուսիան ընդդէմ Չինաստանի: Միայն յիսնամեակ մը անցած է 1972-էն, երբ Նիքսըն-Մաօ Ցէ Թունկ աննախադէպ հանդիպումով, ԱՄՆը բարեկամութեան կապեր հաստատեց Չինաստանի հետ, ի դէմս Սովետական Միութեան, որ այդ ժամանակ իր մեծագոյն սպառնալիքն էր:

Տեսնելով հանդերձ, որ մեծ պետութեանց խաղին մէջ ներգրաւուող փոքր պետութիւնները միշտ ալ տուժած են, ինչո՞ւ համար նախագահ Զելենսկին, փոխանակ ամուր պահելու Ուքրանիոյ անկողմնակալութիւնը Ռուսիոյ եւ ԱՄՆի միջեւ, ինկաւ այս խաղին մէջ: Արդեօ՞ք ստիպուած էր տուրք տալ զինք նախագահի պաշտօնին հասցնողներուն, ուստի եւ անձնական հաշիւները գերադաս սեպեց ազգայինէն:

Ինչո՞ւ համար նախագահ Պայտընի օրով Ռուսիոյ դէմ հակամարտութիւնը ուժեղացաւ, մինչ նախագահ Թրամփի օրով Չինաստանն էր թիրախը: Արդեօք ի՞նչ էին պատճառները ռազմավարական այսպիսի արագ եւ գլխաւոր շեղումի մը:

Յստակ է, որ 2008-էն ի վեր ԱՄՆը կ’աշխատի Ուքրանիան դարձնել ՆԱԹՕ-ի անդամ, իսկ Ռուսիան կը զգուշացնէր, որ այդպիսի քայլ մը գոյութենական սպառնալիք կը սեպէ իրեն համար: Ուրեմն այս լոյսին տակ, արդեօք որքա՞ն երկար կրնայ տեւել այս պատերազմը եւ ո՞ւր կրնայ յանգիլ:

Արդեօ՞ք Ուքրանիոյ պարտութիւնը պիտի աւարտի երկրի բաժանումով, ինչպէս որ պատահեցաւ Վրաստանի պարագային 2008-ին, երբ կորսնցուց Ապխազիան եւ Օսեթիան: Այդ ժամանակ ԱՄՆը շատ արագ հրաժարեցաւ Վրաստանի պաշտպանութիւնէն, բայց հիմա իր խաղը առաջ կը տանի Ուքրանիոյ քանդումին ի հաշիւ:

Կը խուսափինք հարց տալ թէ ո՞ւր կրնայ յանգիլ այս պատերազմը Ռուսական անհաւանական պարտութեան մը պարագային, որովետեւ անոր հետեւանքները շատ ծանր կրնան ըլլալ համաշխարհային առումով, ընդհուպ աթօմական պատերազմի սպառնալիք:

Սովետական Միութեան փլուզուման յաջորդած բանակցութիւններու ընթացքին, ինչո՞ւ համար Արեւմուտքը քաջալերեց Ուքրանիոյ, որ յանձնէ իր հողին վրայ գտնուող աթօմական զինամթերքը: Եթէ Ուքրանիան այդ զէնքերը պահած ըլլար, Ռուսիան պիտի դիմէ՞ր այս քայլին:

Նկատելով որ նախագահ Պայտընի վարչակազմը ամէն ձեւով կը զինէ եւ օգնութեան կը հասնի Ուքրանիոյ, արդեօ՞ք պիտի համակերպին որեւէ լուծման առաջարկի, որ աննպաստ կրնայ սեպուիլ իրենց համար, մանաւանդ որ Նոյեմբերին պիտի կայանան միջին շրջանի ընտրութիւնները եւ Դեմոկրատ կուսակցութիւնը կրնայ աթոռներ կորսնցնել:

Արդեօ՞ք Եւրոպական Միութիւնը կը ցանկայ տեսնել այս պատերազմի արագ  աւարտը, որուն երկարաձգումը կրնայ նպաստել իր սահմաններուն մէջ ապաստանած 6 միլիոն կապուտաչեայ  գաղթականներուն հաստատման:

Վերջացնելու համար չենք կրնար հարց չտալ, որ ի՞նչ կրնան ըլլալ այս պատերազմին հետեւանքները Հայաստանի համար: Ժամեր առաջ տարաձայնութիւն կար, որ Ֆինլանտեան եւ Շուէտը պիտի դիմեն ՆԱԹՕ-ի անդամակցութեան, իսկ Թուրքիան կը յայտարարէր, որ կրնայ իր վեթօն գործածել արգիլելու այդ քայլը: Ի՞նչ օգուտ պիտի քաղէ Թուրքիան Արեւմուտքէն կամ Ռուսիայէն վերջնական որոշումի մը յանգելու համար եւ ի՞նչ անդրադարձ կրնայ ունենալ այդ մէկը Հայաստանի վրայ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment