Հայաստանը տասնեակ հազարաւոր ռուսեր ընդունած է, որոնք որոշած են լքել իրենց հայրենիքը՝ Ուքրանիա Ռուսիոյ ներխուժման եւ անոր յաջորդած պատժամիջոցներուն պատճառով:
Շատերը նոր ուղղութիւն ընտրելու պահուն երկար չեն մտածած` Հայաստանը Ռուսիոյ հետ ունի առանց վիզայի կարգ, Հայաստան կարելի է ճամբորդել նաեւ ռուսական անձնագրով:
Քիրա Քուզմենքօն տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու ոլորտին մէջ աշխատող ընկերութիւն ունէր Մոսկուայի մէջ: «Associated Press»-ի հետ զրոյցին ան պատմած է, որ Ուքրանիոյ մէջ պատերազմի մեկնարկէն անմիջապէս յետոյ ամուսինին եւ մանկահասակ դստեր հետ որոշած է լքել Ռուսաստանը: Կ’ըսէ, որ նախ համաձայն չէր կառավարութեան քաղաքականութեան, բացի այդ` բազմաթիւ խնդիրներու բախած էր պատժամիջոցներու եւ ռուսական դրամատնային համակարգի մեկուսացման պատճառով: Երեւան տեղափոխուած են 7 գործընկերներու ընտանիքներուն հետ, միասին վարձակալած են 400 քմ տարածքով առանձնատուն` Երեւանի ոչ-աղմկոտ հատուածներէն մէկուն մէջ, որ կը բնակին եւ կ’աշխատին:
«Ռուսիոյ մէջ գտնուիլը իսկապէս դժուարացած էր` ելլելով Փետրուար 24-էն յետոյ ստեղծուած իրավիճակէն․ պատճառները շատ են` բարոյականը առաջին տեղն է: Միւս կողմէ, առեւտուրը իրօք սկսաւ տուժել», կը յիշէ Քուզմենքօն:
Հայաստան տեղափոխուած ռուսերէն շատերուն կարծիքով` երկրին մէջ առեւտուրով զբաղիլը գրեթէ նոյնքան հեշտ է, որքան երկիր մուտք գործելը: Քուզմենքօն կ’առանձնացնէ հարկային թեթեւ բեռը:
Ռուսիան լքած ձեռնարկատէրերուն զգալի մասը տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու ոլորտի մասնագէտներ են: «Khagheri Antar» բջջային յաւելուածը, որ այժմ արձանագրուած է Հայաստանի մէջ, իր 14 աշխատակիցները Հայաստան տեղափոխած է, եւս 40-ը հեռավար կ’աշխատին այլ երկիրներէ:
Հայաստան տեղափոխուիլը «հարկադրուած որոշում» էր եւ «մարդոց աշխատատեղիներն ու աշխատավարձերը պահպանելու հնարաւորութիւն», կ’ըսէ ընկերութեան ձեւաւորման բաժնի ղեկավար Վիքթոր Մալինովսքին:
«Associated Press»-ը կը նշէ, որ Հայաստանի մէջ թէ՛ կառավարութիւնը, թէ՛ բնակչութիւնը շատ գրկաբաց կ’ընդունին եկուորները: Տնտեսութեան Նախարարութիւնը յատուկ «թէժ գիծ» բացած է Հայաստան տեղափոխուած ձեռներէցներուն օգնելու նպատակով` ինչպէս դրամատնային հաշիւ բացած, առեւտուր արձանագրած է:
«Հայաստանը զարմանալիօրէն շատ բարեկամ երկիր է, ժողովուրդը շատ բարի է, շատ հոգեհարազատ: Եւ իսկապէս, մենք յաջողած ենք ինչ-որ չափով հասարակութեան մաս դառնալ, քիչ թէ շատ ընտելանալ», պատմած է տեղեկատուական արհեստագիտութեան ոլորտի մէկ այլ ներկայացուցիչ Իկոր Վասիլեւը:
Հայաստանի Տնտեսութեան Նախարարութեան տուեալներով` 2022 թուականի առաջին եռամսեակին երկիր մուտք գործած է մօտ 150 հազար Ռուսիոյ քաղաքացի: Թէ անոնցմէ քանի՞ն եկած են մնալու նպատակով, դժուար է ըսել, նախարարութեան գնահատմամբ` այդ թիւը մօտ 70 հազար է:
Պաշտօնական տուեալներով` միայն Մարտին Հայաստանի մէջ ռուսերու կողմէ արձխանագրուած է 520 ընկերութիւն:
Երկիրը յոյս ունի օգտագործել բարձր որակաւորում ունեցող գաղթականներու հոսքը: «Աշխարհում շատ քաղաքներ են մրցում տաղանդաւոր մարդկանց համար, եւ մենք կարծում ենք, որ նման մարդկանց ներհոսքը Հայաստան մեծապէս կը բարձրացնի Հայաստանի տնտեսութեան մրցունակութիւնը», «Associated Press»-ի հետ զրոյցին ընթացքին ըսած է Հայաստանի տնտեսութեան նախարար Վահան Քերոբեանը: