Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է Հարաւային Կովկասի ու Վրաստանի ճգնաժամի հարցերով Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաարը: Հանդիպման ներկայ եղած է նաեւ Հայաստանի մէջ Եւրոմիութեան պատուիրակութեան ղեկավար, դեսպան Անտրէա Վիքթորինը:
Վարչապետը, կարեւորելով Հայաստան-Եւրոմիութիւն համագործակցութիւնը, բարձր գնահատած է Եւրոպական Խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլի` տարածաշրջանին մէջ կայունութեան հաստատման միտուած ջանքերը, որոնք, միջազգային միւս գործընկերներու ջանքերուն հետ համատեղ, կը նպաստեն տարածաշրջանային երկխօսութեան: Վերահաստատելով Հայաստանի յանձնառութիւնը ժողովրդավարական բարեփոխումներու օրակարգին, Նիկոլ Փաշինեանը նաեւ գոհունակութիւն յայտնած է ԵՄ Արեւելեան Գործընկերութեան ծրագրի տնտեսական եւ ներդրումային փաթեթի ծիրին մէջ Հայաստանին 2,6 միլիառ եւրօ յատկացնելու եւ երկրին մէջ զարգացման ծրագրեր իրականացնելու կապակցութեամբ:
Թոյվօ Քլաարը շնորհակալութիւն յայտնած է ՀՀ վարչապետին գնահատականներուն համար եւ վերահաստատած է ՀՀ-ի հետ գործընկերութիւնը խորացնելու, տարածաշրջանային խաղաղութեան միտուած ջանքերը շարունակելու ԵՄ-ի յանձնառութիւնը:
Զրուցակիցները միտքեր փոխանակած են Եւրոխորհուրդի նախագահին, Հայաստանի վարչապետին եւ Ատրպէյճանի նախագահին` Ապրիլ 6-ին Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու կատարման ընթացքին շուրջ: Արծարծուած են Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրին, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանագծման եւ սահմանազատման, տարածաշրջանի տնտեսական եւ ճանապարհային ենթակառուցուածքներու ապաշրջափակման վերաբերող հարցեր:
Երկուստեք ընդգծուած է ԵԱՀԿ Մինսքկի Խմբակի համանախագահութեան հովանիին ներքոյ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի համապարփակ կարգաւորման անհրաժեշտութիւնը:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած է ներդրումային փաթեթով նախատեսուած ծրագրերու իրականացման ընթացքը: Այս ծիրին մէջ, Հայաստանի մէջ ԵՄ պատուիրակութեան ղեկավար, դեսպան Անտրէա Վիքթորինը ներկայացուցած է ընթացիկ աշխատանքները եւ յառաջիկայ ընելիքները: Ծրագրերը ուղղուած են Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան ամրապնդման, տնտեսութեան խթանման, փոքր եւ միջին առեւտուրի, ուժանիւթի, ենթակառուցուածքներու ոլորտներու զարգացման: