Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ապրիլ 24-ի Նախօրէին Չաւուշօղլուի Այցը Ուրուկուէյ Յարուցած Է Հայ Համայնքին Դժգոհութիւնը

Ապրիլ 24-ի Նախօրէին Չաւուշօղլուի Այցը Ուրուկուէյ Յարուցած Է Հայ Համայնքին Դժգոհութիւնը

by MassisPost

Ապրիլ 23-ին, Հայոց Ցեղասպանութեան 107-րդ տարելիցի նախօրէին, Ուրուկուէյ պիտի այցելէ Թուրքիոյ արտաքին գործերու նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն:

Ուրուկուէյն ու Թուրքիան ամենաբարձր մակարդակով կը քննարկեն ազատ առեւտուրի համաձայնագիր ստորագրելու հնարաւորութիւնը:

Հայ համայնքին մէջ Չաւուշօղլուի այցելութիւնը, Ապրիլ 24-էն մէկ օր առաջ, վրդովմունք յառաջացուցած է, եւ, նկատի ունենալով Թուրքիոյ բարձրաստիճան ներկայացուցիչներուն անվտանգութեան աշխատակիցներուն կողմէ տարբեր երկիրներու մէջ կատարուած վայրագութիւնները, խնդրուած է ներքին գործերու նախարարէն զօրացնել Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած ձեռնարկներուն ապահովութիւնը:

Ապրիլ 24-ին Արմէնիա հրապարակին մէջ կատարուելիք միջոցառման ելոյթ պիտի ունենայ Ուրուկուէյի արտաքին գործերու նախարարը, եւ Ապրիլ 26-ին, խորհրդարանին մէջ, երկրին փոխնախագահը: Նախատեսուած են նաեւ կրօնական արարողութիւններ, մարդասիրական միջոցառումներ, քայլարշաւ եւ ցոյցեր:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment