Հայաստանի, Յունաստանի եւ Կիպրոսի յատուկ ջոկատայիններ աւարտած են Close Quarter Battle 2021 համատեղ զօրավարժութիւնները։ «Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ այդ մասին գրած է Greek City Times կայքը։
Համատեղ զօրավարժութիւններու նպատակը յատուկ նշանակութեան միաւորուած ուժերու մարտունակութեան եւ փոխգործակցութեան բարձրացումն էր մարտական պայմաններու մէջ։ Դասընթացը ներառած է արագ արձագանգման մարտական հրաձգութիւն, շարժող թիրախներու ոչնչացում, գիշերային ու քաղաքային մարտեր, բնակելի թաղամասերու մէջ մեռեալներու եւ վիրաւորներու հետ աշխատանքներ:
«Նման զօրավարժութիւնները Յունաստանի, Կիպրոսի եւ Հայաստանի միջեւ Եռակողմ համագործակցութեան ծրագրի հետ միասին, կ’արտացոլեն երեք երկիրներու զինուած ուժերու հիանալի համագործակցութիւնը»,- յայտարարած է Կիպրոսի պաշտպանութեան նախարարութիւնը: