Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Նիկոլ Փաշինեան Ներկայ Գտնուած Է Նոր Ելեկտրակայանի Բացման Արարողութեան

Նիկոլ Փաշինեան Ներկայ Գտնուած Է Նոր Ելեկտրակայանի Բացման Արարողութեան

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Երեւանի մէջ մասնակցած է 254 մէկաուաթ հզօրութեամբ համակցուած շոգեկազային շրջանառութեամբ նոր ելեկտրակայանի բացման արարողութեան:

Կառավարութեան ղեկավարը «Ռէնկօ» ընկերութեան գլխաւոր գործադիր տնօրէն՝ Ճովաննի Ռուպինիի ուղեկցութեամբ շրջայց կատարած է ելեկտրակայանով եւ ծանօթացած կատարուած աշխատանքներուն:

Ծրագրի իրագործման համար ներդրուած է շուրջ 270 միլիոն տոլար: Շինարարական աշխատանքներուն մէջ ներգրաւուած եղած է 1200 աշխատակից, իսկ ելեկտրակայանի գործարկումէն յետոյ ստեղծուած է մշտական 50 նոր աշխատատեղի:

Նշուած է, որ կարգաբերման աշխատանքներու աւարտէն յետոյ ելեկտրակայանը ՀՀ ելեկտրականութեան ցանցին պիտի մատակարարէ նմանատիպ կայաններու կողմէ արտադրուող ամէնէ աժան ելեկտրականութիւն։

Ելեկտրակայանի հիմնարկէքի արարողութիւնը վարչապետ Փաշինեանի մասնակցութեամբ տեղի ունեցած  էր 2019 թուականի Յուլիս 12-ին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment