«Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած վերջին իրադարձութիւնները ցոյց տուին, որ ժողովրդավարութիւնը երկրին մէջ այլեւս անշրջելի է, ու հայ ժողովուրդը կրնայ անով հպարտ ըլլալ», վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ հանդիպման ընթացքին ըսած է Ֆրանսայի դեսպան՝ Ժոնաթան Լաքոթ:
Լաքոթը, որ կ’աւարտէ իր դիւանագիտական առաքելութիւնը ՀՀ-ի մօտ, նշած է, որ Ֆրանսան պիտի շարունակէ սերտ համագործակցութիւնը Հայաստանի հետ տարբեր ոլորտներու մէջ, անոնց կարգին՝ բարեփոխումները առաջ մղելու նպատակով, հաղորդած են կառավարութենէն:
Հայաստանի ղեկավարը իր հերթին խօսած է երկու երկիրներու բարեկամութեան եւ համագործակցութեան ընդլայնման մասին: Ինչպէս նաեւ ընդգծած է Ֆրանսայի կարեւոր դերը որպէս ԵԱՀԿ Մինսքի համանախագահ պետութիւն:
Անն Լոյոն պիտի փոխարինէ Ժոնաթան Լաքոթը: