Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Լաչինի Շրջանի Մէջ Թուրք-Ատրպէյճանական Զօրավարժութիւնները Լարուածութեան Թուլացման Վնասող Գործողութիւն են. ՀՀ ԱԳՆ Խօսնակ

Լաչինի Շրջանի Մէջ Թուրք-Ատրպէյճանական Զօրավարժութիւնները Լարուածութեան Թուլացման Վնասող Գործողութիւն են. ՀՀ ԱԳՆ Խօսնակ

by MassisPost

Պաշտօնական Երեւանը քննադատած է Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի սահմաններու մօտ՝ Լաչինի շրջանին մէջ տեղի ունեցող թուրք-ատրպէյճանական զօրավարժութիւնները՝ զայն գնահատելով լարուածութեան թուլացման վնասող գործողութիւն։

«Այս քայլը չի համապատասխանում 2020 թուականի Նոյեմբերի 9-ի եռակողմ յայտարարութեան ոգուն եւ խաթարում է տարածաշրջանում տեւական խաղաղութիւն, անվտանգութիւն եւ կայունութիւն հաստատելու ջանքերը»,- յայտարարած է ԱԳՆ խօսնակը:

Ատրպէյճանի ռազմական գերատեսչութիւնը, յայտնելով թուրք-ատրպէյճանական համատեղ մարտավարական զօրավարժութիւնների մեկնարկի մասին, նշած էր, որ անոնց նպատակը ռազմական գործողութիւններու ժամանակ համագործակցութեան կատարելագործումն է, ինչպէս նաեւ հրամանատարներու մօտ ռազմական որոշումներու կայացման եւ ստորաբաժանումներու կառավարման կարողութիւններու զարգացումը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment