Հայաստանի Սահմանադրական Դատարանը, Յուլիս 17-ին հրապարակուած որոշումով հաստատեց Կենտրոնական Ընտրական Յանձնաժողովի` Յունիսի 27-ի որոշումը` արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքներուն վերաբերեալ: Բողոքող կողմերէն «Պատիւ Ունեմ» դաշինքի ներկայացուցիչ Դաւիթ Յարութիւնեան Դատարանի որոշումի հրապարակումէն յետոյ լրագրողներուն ըսաւ, թէ այդ անակնկալ չէր իրենց համար, քանի որ ակնյայտ էր, թէ ինչպէս տեղի կ՛ունենար գործընթացը: Հարցին` թէ արդեօք որոշումը քաղաքական էր, Յարութիւնեան պատասխանեց. ՚Որոշումը քաղաքական չէ, իրաւական է, սակայն քաղաքական ազդեցութեան տակ ընդունուածՙ:
«Հայաստան» դաշինքի ներկայացուցիչ Արամ Վարդեւանեանի համար եւս որոշումը կանխատեսելի էր: Ըստ անոր Սահմանադրական Դատարանի նկատմամբ քաղաքական ճնշումները պարզ են ու յստակ:
Բողոքող կողմերը Դատարանէն ներս չկարողացան ներկայացնել յստակ խախտումներու մասին որեւէ փաստարկներ ու բաւարարուեցան խօսելով կողմնակի հարցերու մասին:
Արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւնները միջազգային դիտորդներուն կողմէ գնահատուեցան ազատ եւ արդար: