Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ատրպէյճան Մտադիր Է Նոր Ռազմական Բախումներ Հրահրել Արցախի եւ Հայաստանի Հետ Սահմանին. Փաշինեան

Ատրպէյճան Մտադիր Է Նոր Ռազմական Բախումներ Հրահրել Արցախի եւ Հայաստանի Հետ Սահմանին. Փաշինեան

by MassisPost

Եւրոպական Խորհուրդի նախագահ Շառլ Միշէլ երկօրեայ այցով ժամանած էր Հայաստան՝ իր հարաւկովկասեան այցը սկսելով Երեւանէն: Յուլիս 17-ի առաւօտեան նախատեսուածէն աւելի երկար բանակցութիւններ տեղի ունեցան Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանի հետ, որուն յաջորդեց համատեղ մամլոյ ասուլիս:
Փաշինեան-Միշէլ ասուլիսը երկու հիմնական թեմայի շուրջ էր՝ Եւրամիութեան աննախադէպ աջակցութիւնը Հայաստանին եւ հայ-ատրպէյճանական հակամարտութիւնը:

Հայաստանի կառավարութեան ղեկավարը յայտարարեց, որ ուժի կիրառումը չի կրնար լուծել ղարաբաղեան հակամարտութիւնը, որու կարգաւորումը հնարաւոր է միայն բանակցութիւններու միջոցով եւ միջազգային մանտաթ ունեցող միակ ձեւաչափիª ԵԱՀԿ Մինսկի Խումբի համանախագահութեան շրջանակէն ներս:

«Հայաստանը պատրաստ է բանակցութիւնների վերսկսմանը, սակայն Ատրպէյճանը որեւէ արձագանք չի տուել, եւ ոչ պաշտօնական աղբիւրներից ստացած տեղեկութիւնների համաձայն` Ատրպէյճանը մտադիր է նոր ռազմական բախումներ հրահրել Արցախում եւ հայ-ատրպէյճանական սահմանին, ինչի արտայայտութիւնը մենք այսօր տեսնում ենք հայ-ատրպէյճանական սահմանի Նախիջեւանի հատուածում: Ատրպէյճանի հրահրած միջադէպերը թոյլ չեն տալիս նաեւ սկսել հայ-ատրպէյճանական սահմանի դելիմիտացիային եւ դէմարկացիային ուղղուած աշխատանքները, որոնց նոյնպէս ես մի քանի անգամ հրապարակային անդրադարձել եմ, այդ թւում՝ նախընտրական քարոզարշաւի ընթացքում», – ըսաւ Նիկոլ Փաշինեան:

«Ռազմագերիների, պատանդների եւ այլ պահուող անձանց չվերադարձնելու Ատրպէյճանի գործելակերպը նրա կողմից Նոյեմբերի 9-ի եռակողմ յայտարարութեան խախտման միակ դէպքը չէ:

«Ինչպէս գիտէք, Նոյեմբերի 9-ի յայտարարութեամբ նախատեսուած է տարածաշրջանի բոլոր տրանսպորտային եւ տնտեսական ենթակառուցուածքների ապաշրջափակում: Ատրպէյճանն այս գործընթացին խոչընդոտում է ոչ միայն Հայաստանի սուվերեն տարածքն օկուպացնելու ակնյայտ սպառնալիքներով, այլեւ՝ ի հեճուկս իր պարտաւորութիւնների, հրաժարւում է Հայաստանին միջանցք տրամադրել Հայաստան-Վրաստան, Ատրպէյճան-Ռուսաստան երկաթուղու գործարկման համար», – ասուլիսի ընթացքին յայտարարեց ՀՀ վարչապետի պաշտօնակատարը:

Ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման մասին երկար խօսեցաւ նաեւ Շառլ Միշէլը՝ յայտնելով, թէ վաղը Պաքուի մէջ Ատրպէյճանի նախագահին հետ հանդիպման ընթացքին կը փորձէ հասկանալ, թէ ինչ դրական դեր կրնայ խաղալ Եւրամիութիւնը՝ սատարելով ԵԱՀԿ Մինսկի Խումբին:

Եւրոպական Խորհուրդի նախագահը ուշագրաւ յայտարարութիւն ըրաւ, ըսելով թէ պէտք է հնարաւոր ըլլայ արծարծել կարգավիճակի հարցը: Եւրամիութեան բարձրաստիճան ներկայացուցիչը փաստօրէն, հրապարակեց ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման Պրիւքսէլի առաջարկը՝ բաղկացած չորս կէտերէ. յետայսու չափաւոր հռետորաբանութիւն կիրառել՝ լուծման հասնելով գերիների վերադարձի եւ ականապատման քարտէզներու հարցով: Երկրորդ՝ ձեռնամուխ ըլլալ սահմանազատման՝ վիճարկուող տարածքներէն ետ քաշելով երկու կողմերու զօրամիաւորումները: Երրորդ՝ քննարկումներ սկսիլ տարածաշրջանային ուղիներու վերաբացման շուրջ: Չորրորդ կէտը՝ աւելի ընդհանուր, կարգավիճակի հարցը, խաղաղութեան բանակցութիւնը պէտք է հնարաւոր ըլլայ նաեւ արծարծել:

Շառլ Միշէլ շնորհաւորեց Հայաստանի ղեկավարին արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններուն արձանագրած յաղթանակի առթիւ, որ օրինականութիւն կու տայ Նիկոլ Փաշինեանին Հայաստանի մէջ բարեփոխումներ իրականացնելու համար:

«Եւրամիութիւնը կը փափաքի շատ հաւատարիմ, ներգրաւուած, ակտիւ գործընկեր ըլլալ Հայաստանի բարօրութեան, կայունութեան եւ անվտանգութեան համար: Եւ ես մէկ շատ հզօր ուղերձ կը յղում Ձեզի. մենք Ձեր կողքին ենք, եւ մենք կը հաստատենք մէկ անգամ եւս` աննախադէպª 2,6 միլիառ Եւրոյի ֆինանսական փաթեթ պիտի տրամադրենք Հայաստանին, որպէսզի աջակցինք երկրի առաջնահերթութիւններու իրականացման», յայտարարեց Եւրոպական Խորհուրդի նախագահ Շառլ Միշէլ:

<center<

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment