Իշխանութեան ընտրական ցուցակը կը գլխաւորէ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, այսօր՝ Մարտ 23-ին Ազգային ժողովէն ներս, լրագրողներու հետ ճեպազրոյցի ժամանակ, յայտարարեց «Իմ քայլը» խմբակցութեան ղեկավար՝ Լիլիթ Մակունց։
«Ես կարծում եմ՝ ցուցակը գլխաւորելու հետ կապուած ակնյայտ է, այսինքն՝ Նիկոլ Փաշինեանը», – ըսաւ Մակունց։
Հարցին, թէ արտախորհրդարանական ընտրութիւններուն կը պատրաստուին երթալ նոր, թէ՞ գործող Ընտրական օրէնսգրքով, խմբակցութեան ղեկավարը պատասխանեց․- ««Իմ քայլը» խմբակցութիւնը հակուած է Ընտրական օրէնսգրքում ամբողջապէս համամասնական համակարգին անցում կատարելու փոփոխութիւններն ընդունելուն եւ համամասնական ընտրակարգով արտահերթ ընտրութիւններին գնալուն։ Այս պահին քննարկումներ են ընթանում։ Քննարկումը ներառում է տարբեր հատուածներ։ Ընտրական օրէնսգրքի փոփոխութիւնները բաւականին մեծ փոփութիւններ են ենթադրում իրենց մէջ եւ այդ հատուածում [համամասնականի] նոյնպէս պէտք է որոշում կայացնել, նաեւ իրատեսական պէտք է լինեն փոփոխութիւններն առաջիկայ ընտրութիւնների համար»։
Ճշդող հարցին, թէ հնարաւո՞ր է միայն համամասնականի հետ կապուած դրոյթը փոխուի, Մակունցը պատասխանեց․ – «Այս պահին վերջնական ձեւակերպում չտամ, ոչինչ չեմ բացառում այս պահին»։
Յիշեցնենք, որ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ԲՀԿ-ի նախագահ՝ Գագիկ Ծառուկեանի հետ հանդիպումէն յետոյ յայտարարեց, որ Յունիս 20-ին տեղի կ’ունենան արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններ։ Առայժմ պարզ չէ, թէ իշխանութիւնը ընտրութիւններուն պիտի երթայ գործող, բաց համամասնական, թէ իշխող ուժի առաջարկած պարզ համամասնական ընտրակարգով: