Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Իշխանութեան ընտրական Ցուցակը Կը Գլխաւորէ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան. Մակունց

Իշխանութեան ընտրական Ցուցակը Կը Գլխաւորէ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան. Մակունց

by MassisPost

Իշխանութեան ընտրական ցուցակը կը գլխաւորէ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, այսօր՝ Մարտ 23-ին Ազգային ժողովէն ներս, լրագրողներու հետ ճեպազրոյցի ժամանակ, յայտարարեց «Իմ քայլը» խմբակցութեան ղեկավար՝ Լիլիթ Մակունց։

«Ես կարծում եմ՝ ցուցակը գլխաւորելու հետ կապուած ակնյայտ է, այսինքն՝ Նիկոլ Փաշինեանը», – ըսաւ Մակունց։

Հարցին, թէ արտախորհրդարանական ընտրութիւններուն կը պատրաստուին երթալ նոր, թէ՞ գործող Ընտրական օրէնսգրքով, խմբակցութեան ղեկավարը պատասխանեց․- ««Իմ քայլը» խմբակցութիւնը հակուած է Ընտրական օրէնսգրքում ամբողջապէս համամասնական համակարգին անցում կատարելու փոփոխութիւններն ընդունելուն եւ համամասնական ընտրակարգով արտահերթ ընտրութիւններին գնալուն։ Այս պահին քննարկումներ են ընթանում։ Քննարկումը ներառում է տարբեր հատուածներ։ Ընտրական օրէնսգրքի փոփոխութիւնները բաւականին մեծ փոփութիւններ են ենթադրում իրենց մէջ եւ այդ հատուածում [համամասնականի] նոյնպէս պէտք է որոշում կայացնել, նաեւ իրատեսական պէտք է լինեն փոփոխութիւններն առաջիկայ ընտրութիւնների համար»։

Ճշդող հարցին, թէ հնարաւո՞ր է միայն համամասնականի հետ կապուած դրոյթը փոխուի, Մակունցը պատասխանեց․ – «Այս պահին վերջնական ձեւակերպում չտամ, ոչինչ չեմ բացառում այս պահին»։

Յիշեցնենք, որ  Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ԲՀԿ-ի նախագահ՝ Գագիկ Ծառուկեանի հետ հանդիպումէն յետոյ յայտարարեց, որ Յունիս 20-ին տեղի կ’ունենան արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններ։ Առայժմ պարզ չէ, թէ իշխանութիւնը ընտրութիւններուն պիտի երթայ գործող, բաց համամասնական, թէ իշխող ուժի առաջարկած պարզ համամասնական ընտրակարգով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment