ՀՀ ազգային ժողովի փոխնախագահ, «Իմ քայլը» խմբակցութեան պատգամաւոր՝ Ալեն Սիմոնեանի կարծիքով՝ չնայած ընդդիմութեան յայտարարութիւններուն, ընդդիմադիր դաշտի 80 տոկոսը չ’ուզեր, որ արտահերթ ընտրութիւններ տեղի ունենան: «Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ Սիմոնեան նման տեսակէտ յայտնեց ԱԺ-էն ներս լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին:
Ան նախ անդրադարձաւ խորհրդարանական ընդդիմութեան՝ «Լուսաւոր Հայաստան»-ին:
«Ես չեմ համարում, որ «Լուսաւոր Հայաստան»-ը կողմ է արտահերթ ընտրութիւններին: Ես համարում եմ, որ ԼՀԿ-ն գտնում է, որ ընտրութիւններ պէտք չէ անել, եւ գտնելու է բազմաթիւ պատճառներ, որ խուսափի արտահերթ ընտրութիւններից՝ ուղղակի օգտագործելով այս ժամանակահատուածը` իր դիրքը կարեւորելու համար»,-ըսաւ Սիմոնեան՝ աւելցնելով, որ լաւ գիտէ անոնց գործելաոճը:
Սիմոնեան վստահ է, որ «Լուսաւոր Հայաստան»-ը եւ շատ ու շատ հիմնական ընդդիմադիր գործիչներ ու կուսակցութիւններ այսօր իրականութեան մէջ չեն ուզեր արտահերթ ընտրութիւններ: «Գիտեն, որ արտահերթ ընտրութիւններով իրենցից շատերը, գրեթէ մեծամասնութիւնը չեն յաջողելու: Ընդդիմադիր դաշտում գտնուող ուժերի 80 տոկոսը չեն ուզում արտահերթ ընտրութիւն»,-նշեց Սիմոնեան:
ԱԺ-ի փոխնախագահը շեշտեց, որ ընտրութիւն ընելու իմաստը քաղաքական դաշտին կայունութիւն բերելն է: Ընտրութեան ժամկէտներու մասին յստակացում չկայ, քննարկում տեղի կ’ունենայ: «Քննարկում է տեղի ունենում իմ կողմից նշուած քաղաքական ուժերի հետ, եւ ուզում ենք, որ ժամկէտները նաեւ նրանց համապատասխան լինեն»,-ըսաւ Սիմոնեան ու աւելցուց՝ կան նաեւ ընտրական օրէնսգրքի հետ կապուած հարցեր, որոնք պէտք է լուծուին: