Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Անգարայի Հայկական Գերեզմանատան Վրայ Խանութներ Կը Կառուցեն. Փայլանին Թոյլ Չեն Տուած Մտնել Տարածք

Անգարայի Հայկական Գերեզմանատան Վրայ Խանութներ Կը Կառուցեն. Փայլանին Թոյլ Չեն Տուած Մտնել Տարածք

by MassisPost

Քրտամէտ Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութեան հայ պատգամաւոր՝ Կարօ Փայլանին Մարտ 16-ին թոյլ չեն տուած, որ մուտք գործէ Անգարայի Ուլուս թաղամասը գտնուող տարածքը, ուր Թուրքիոյ կառավարութեան բնակարանաշինութեան զարգացման վարչութիւնը (TOKİ)  շինարարութիւն իրագործած է պատմական հայկական գերեզմանատան վրայ: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրէս»-ը, այս մասին յայտնած է Bianet-ը:

Առաջինը, Թուրքիոյ ճարտարապետներու պալատի Անգարայի մասնաճիւղն էր Մարտ 10-ին, ահազանգած այն մասին, որ մայրաքաղաքի պատմական Ուլուս թաղամասի մէջ խանութներ պիտի կառուցեն պատմական հայկական գերեզմանատան վրայ: Մասնաճիւղի տարածած հաղորդագրութեան մէջ մասնաւորապէս նշուած էր. «Գիտական աղբիւրներուն մէջ ըսուած է, որ այս տարածքը եղած է հայկական եւ կաթոլիկ գերեզմանատուն: Անօրինական փորման աշխատանքներու արդիւնքով յայտնաբերուած են մարդկային ոսկորներ, որոնք Անատոլական քաղաքակրթութիւններու թանգարանի կողմէն տարուած են ուսումնասիրման: Չնայած այս ամէնին՝ այս տարածքին վրայ շինարարութեան շարունակումը մեծ անարգանք է անատոլական հողերու բազմամշակութայնութեան նկատմամբ: Այս բարբարոսութիւն է, մարդու իրաւունքներու ոտնահարում»:

Թուրքիոյ  խորհրդարանի հայ պատգամաւոր՝ Կարօ Փայլան հարցը բարձրացուցած էր մեջլիսին մէջ: Ան հարցում ըրած էր Շրջակայ միջավայրի եւ քաղաքաշինութեան նախարար՝ Մուրատ Քուրումին՝ նշելով, որ թէպէտ շինարարութեան ժամանակ այդ տարածքէն ներս յայտնաբերուած են մարդկային ոսկորներ, սակայն շինարարական աշխատանքները չեն կասեցուած: Պատգամաւորը հետաքրքրուած էր, թէ ինչու չի դադարեցուիր շինարարութիւնը, արդեօք TOKİ-ն տեղեակ է, որ այդպիսով կ’ոչնչացնէ Անգարայի մշակութային հարստութիւնն ու քաղաքային յիշողութիւնը, եւ ինչու պեթոն կը լեցուի հայերու ոսկորներու ու մշակութային հարստութեան վրայ: Նախարար՝ Մուրատ Քուրումը դեռեւս չէ արձագանգած Փայլանի հարցման:

Մարտ 16-ին, հայ պատգամաւորը Թուրքիոյ ճարտարապետներու պալատի Անգարայի մասնաճիւղի նախագահի եւ խումբ մը այլ անձանց հետ ցանկացած է տեղւոյն վրայ ծանօթանալ իրագործուող շինարարական աշխատանքներուն, սակայն անոնց թոյլ չեն տուած մուտք գործել տարածք: Փայլան ստիպուած եղած է արգելապատնէշներու մօտ հանդէս գալ յայտարարութեամբ՝ ըսելով. «Այս վայրը հայերու գերեզմանատունը եղած է: Այս հողերու վրայ ապրող հայերը արտաքսուած են այստեղէն: Անարգանքի ենթարկուած են ոչ միայն ապրողները, այլեւ մահացածները: Այստեղ ապրած հայ ժողովուրդը իր սիրելիները աղօթքներով թողած է հանգչելու այստեղ՝ շիրմաքարեր դնելով: Իսկ հիմա շիրիմներու վրայ պեթոն կը լեցուի: Ո՞ր խիղճը կարող է ընդունիլ այս»:

Զարմանք արտայայտելով այն փաստի առնչութեամբ, որ կ’արգիլուին մուտք գործել տարածք՝ Փայլան նշած է, որ այդտեղ անօրինական շինարարութիւն կ’իրագործուի, քանի որ չկան համապատասխան թոյլտուութիւններ: «Ես կը պահանջեմ, որ րոպէ առաջ կանգնեցուի այս անօրինական շինարարութիւնը, կասեցուի հայ ժողովուրդի շիրիմներուն պեթոն լեցնելը: Խորհրդարանը ու քաղաքացիական հասարակութիւնը եւ առաջին հերթին Անգարայի բնակչութիւնը պէտք է կանգնեցնեն հայկական գերեզմանի վրայ պեթոն լեցնելը: Անգարայի ժողովուրդը արժանի չէ նման անարգանքի»,- յայտարարած է Փայլան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment