Իտալիոյ Արտաքին Գործերու եւ Միջազգային Համագործակցութեան Նախարար Փաոլօ Ճենտիլոնին 8 Նոյեմբերին Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրին մէջ յարգանքի տուրք մատուցեց Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին: Իտալիոյ արտգործնախարարին ուղեկցած են ՀՀ Արտաքին Գործերու Նախարարի տեղակալ Կարէն Նազարեանը եւ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Հայկ Դեմոյեանը :
Նախարար Փաոլօ Ճենտիլոնին ծաղկեպսակ տեղադրեց յուշահամալիրի եւ իտալական պատուիրակութեան անդամներու հետ խոնարհեց յաւերժական կրակի մօտ եւ մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգանքի տուրք մատուցեց Հայոց ցեղասպանութեան անմեղ զոհերու յիշատակին:
Թանգարանի տնօրէն Հայկ Դեմոյեան Իտալիոյ արտաքին գործոց նախարարին ներկայացուց Մեծ Եղեռնին նուիրուած յուշահամալիրի կառուցման պատմութիւնը, բացատրեց կոթողի խորհրդանշական իմաստը: Հրաժեշտէն առաջ Հայկ Դեմոյեան Փաոլօ Ճենտիլոնիին նուիրեց «Հայոց ցեղասպանութեան լուսաբանումը համաշխարհային մամուլի առաջին էջերին» գիրքի անգլերէն հրատարակութիւնը: