Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Իտալիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը Յարգանքի Տուրք Մատուցեց Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակին

Իտալիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը Յարգանքի Տուրք Մատուցեց Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակին

by MassisPost

Իտալիոյ Արտաքին Գործերու եւ Միջազգային Համագործակցութեան Նախարար Փաոլօ Ճենտիլոնին 8 Նոյեմբերին Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրին մէջ յարգանքի տուրք մատուցեց Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին: Իտալիոյ արտգործնախարարին ուղեկցած են ՀՀ Արտաքին Գործերու Նախարարի տեղակալ Կարէն Նազարեանը եւ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Հայկ Դեմոյեանը :

Նախարար Փաոլօ Ճենտիլոնին ծաղկեպսակ տեղադրեց յուշահամալիրի եւ իտալական պատուիրակութեան անդամներու հետ  խոնարհեց յաւերժական կրակի մօտ եւ մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգանքի տուրք մատուցեց Հայոց ցեղասպանութեան անմեղ զոհերու յիշատակին:

Թանգարանի տնօրէն Հայկ Դեմոյեան Իտալիոյ արտաքին գործոց նախարարին ներկայացուց Մեծ Եղեռնին նուիրուած յուշահամալիրի կառուցման պատմութիւնը, բացատրեց կոթողի խորհրդանշական իմաստը: Հրաժեշտէն առաջ Հայկ Դեմոյեան Փաոլօ Ճենտիլոնիին նուիրեց «Հայոց ցեղասպանութեան լուսաբանումը համաշխարհային մամուլի առաջին էջերին» գիրքի անգլերէն հրատարակութիւնը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment