ՄԱԿ-ի մարդու իրաւունքներու հարցերով փորձագէտները Ժընեւի մէջ յայտարարած են, որ անհրաժեշտ է ազատ արձակել Լեռնային Ղարաբաղ գերեվարուած զինուորականները եւ քաղաքացիական անձերը:
«Բոլոր մարդիկ, որոնք հակամարտութեան բերումով զրկուած են ազատութենէն, պէտք է կարողանան տուն վերադառնալ»,- ըսուած է փորձագէտներու համատեղ յայտարարութեամբ:
Փաստաթուղթին մէջ նշուած է, որ «զոհուածներու ազգականներուն պէտք է տրուի աճիւնները ստանալու հնարաւորութիւն»:
ՄԱԿ-ի փորձագէտները նախազգուշացուցած են, որ անհետ կորածներու մասին տեղեկութիւններ չյայտնելը կամ աճիւններու վերադարձը մերժելը կարող է գնահատուիլ որպէս «բռնի անհետացում»:
«Մեզի կը մտահոգեն հաղորդագրութիւնները այն մասին, որ գերիները եւ միջազգային իրաւունքի պաշտպանութեան ներքոյ գտնուող այլ անձինք բռնի եղանակով կ’անհետանան եւ կ’ենթարկուին արտադատարանական մահապատիժի, կտտանքներու եւ այլ տեսակի վատ վերաբերմունքի»,- յայտարարած են փորձագէտները:
Անոնք Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի իշխանութիւններուն կոչ կ’ընեն «մանրակրկիտ, արագ, անկախ եւ անկողմնակալ եղանակով ստուգել զինուած հակամարտութեան ընթացքին եւ անկէ յետոյ մարդու իրաւունքներու ոտնահարման մասին վկայող հաղորդագրութիւնները եւ պատասխանատուութեան ենթարկել մեղաւորները»:
Այդ յայտարարութիւնը ստորագրած են ՄԱԿ-ի 7 փորձագէտներ, անոնց կարգին՝ կտտանքներու հարցով յատուկ զեկուցող Նիլս Մելցըրը, արտադատարանական մահապատիժներու հարցերով յատուկ զեկուցող Ակնըս Կալամարը եւ բռնի անհետացումներու հարցերով ՄԱԿ-ի աշխատանքային խումբի անդամները: