Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի, Ռուսաստանի Եւ Ատրպէյճանի Փոխ Վարչապետները Որոշում Կայացուցած Են Ստեղծել Փորձագիտական Ենթախումբեր

Հայաստանի, Ռուսաստանի Եւ Ատրպէյճանի Փոխ Վարչապետները Որոշում Կայացուցած Են Ստեղծել Փորձագիտական Ենթախումբեր

by MassisPost

Մոսկուայի մէջ կայացած է Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի փոխ վարչապետներ՝ Մհեր Գրիգորեանի, Ալեքսէյ Օվերչուքի եւ Շահին Մուստաֆաեւի հանդիպումը, կը յայտնէ Հայաստանի կառավարութեան պաշտօնական կայքէջը:

Համաձայն հաղորդագրութեան, եռակողմ աշխատանքային խումբի մասնակիցները որոշում կայացուցած են ստեղծել փորձագիտական ենթախումբեր՝ երկաթուղային, ինքնաշարժներու եւ համակցուած փոխադրութիւններու հարցերով եւ փոխադրութիւններու ապահովման՝ անվտանգութեան, սահմանային, մաքսային, առողջապահական, անասնաբուժական, բուսաառողջապահական եւ այլ տեսակի հսկողութեան հարցերով:

Ենթախումբերու ձեւաւորումը նախատեսուած է աւարտել մինչեւ Փետրուար 2, իսկ առաջին նիստը կատարել մինչեւ Փետրուար 5:

Որոշուած է նաեւ եռակողմ աշխատանքային խումբի հերթական հանդիպումը կատարել Մոսկուա: Թուականը պիտի որոշուի համանախագահներու համաձայնութեամբ` աշխատանքային կարգով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment