Պոլիս քաղաքի ծանր յանցագործութիւններու բաժանմունքի որոշմամբ ազատ արձակուեցաւ «Թուրքիոյ Հանրապետութեան կառավարութիւնը տապալելու փորձ ընելու» մէջ մեղադրուող հասարակական գործիչ Օսման Քաւալա, սակայն մի քանի ժամ ետք ան կրկին ձերբակալուեցաւ՝ մէկ այլ մեղադրանքով:
Օսման Քաւալան յայտնի հասարակական գործիչ է: Հիմնադրած է եւ երկար տարիներ ղեկավարած է «Anadolu Kultur» հիմնադրամը՝ տարիներ շարունակ իրականացնելով նաեւ հայկական մշակոյթը ներկայացնող միջոցառումներ: Քաւալան ընդունած է Հայոց ցեղասպանութեան փաստը եւ խստիւ դատապարտած այն:
Քաւալան աշխոյժօրէն մասնակցած է 2013-ի ամրան Կեզի զբօսայգիի հակակառավարական ցոյցերուն: Ան կալանաւորուած էր 2017-ի Դեկտեմբերին: Կը մեղադրուէր 2016-ի ռազմական յեղաշրջման փորձին մասնակցութիւն ունենալու մէջ:
Բազմաթիւ թրքական եւ միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններ իրենց բողոքի ձայնը բարձրացուցած էին՝ Քաւալայի ապօրինի կալանքին վերջ դնելու պահանջով:
Օսման Քաւալայի արդարացման եւ ազատ արձակման որոշումը կայացաուած էր 840-օրեայ կալանքէն ետք՝ 2020-ի Փետրուար 18-ին: