Home ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ Էրտողանը, Լիպիան Եւ Արաբական Աշխարհը

Էրտողանը, Լիպիան Եւ Արաբական Աշխարհը

by MassisPost

ՃՐՏԳ. ՀԱՄԲԱՐՁՈՒՄ ԱՂՊԱՇԵԱՆ

Նորութիւն մը բերած կամ գաղտնիք մը յայտնած պիտի չըլլանք, եթէ պարզենք, թէ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան կ՛երազէ եւ կը ջանայ վերականգնել Թուրքիոյ օսմանական փառքերը եւ յստակօրէն կ՛արտայայտուի անոր մասին. սակայն այդ երազները կեանքի կոչելու իր ջանքերը պիտի չիրականանան, որովհետեւ անոնք կը բխին այն գաղափարական խորքերէն, որոնք կը ձգտին վերականգնել պատմութիւնը, երբ այդ մէկը անհնար է:

Էրտողանի կարծիքով, Թուրքիան մեծ պետութիւն մըն է, որ տիրապետութիւն պէտք է ունենայ Միջերկրականի մէջ, ուր Յունաստան, Եգիպտոս, Իսրայէլ եւ Կիպրոս կը ջանան ծովի խորքի քարիւղի ու կազի պաշարներէն օգտուիլ: Ներկայիս, ան Քաթարի նիւթական աջակցութեամբ նոր արկածախնդրութեան մը սկսած է Լիպիոյ մէջ, նախ այնտեղի իրադարձութիւններու բեմին վրայ իր տեղը ապահովելու համար, ապա՝ Լիպիոյ քարիւղի եւ կազի աղբիւրներուն հասնելու, ինչպէս նաեւ թուրք կապալառուներու աշխատանքներուն արդիւնք ձգձգուած իրաւունքները ապահովելու (որոնք Քազաֆիի անկումէն ետք չեն վճարուած, իսկ խօսքը երկու միլիառ տոլարի մասին է):

Էրտողան Լիպիոյ վարչապետ Ֆայէզ Սառաճի հետ ստորագրած է փոխհասկացողութեան յուշագիր մը, որ կը յստակացնէ Միջերկրական ծովէն իրենց մասնաբաժինները՝ երկու երկիրներու ափերուն միջեւ: Այդ յուշագիրով Թուրքիան կը ջանայ վտանգել եւ հատել տարածաշրջանի ծովային աշխարհագրութիւնը, ուր, սակայն, Յունաստան, Կիպրոս եւ Եգիպտոս հետախուզման ծրագիրներ ունին եւ այդ գծով կը վայելեն Միացեալ Նահանգներու, Եւրոմիութեան եւ Իսրայէլի աջակցութիւնը: Լիպիոյ Ազգային բանակի հրամանատար Խալիֆա Հաֆթեր խոստացած է խզել այդ համագործունէութիւնը, եթէ ինք իշխանութեան գլուխ հասնի:

Լիպիոյ հարցով նախագահ Էրտողանի մօտեցումը կը կրէ նոյն իր միջազգային քաղաքականութեան հանդէպ որդեգրած ընդհանուր մօտեցման բնոյթը: Թուրքիոյ խորհրդարանը արդէն իսկ վաւերացուցած է նախագահին ծրագիրները Լիպիոյ գծով, եւ կը թուի, թէ անոր աջակիցները շատ հիացած են իր մղած պայքարով։ Ըստ Էրտողանի քաղաքական հարցերու խորհրդական Իպրահիմ Քալինի՝ նախագահը իր արդիւնաւէտ եւ հեռատես դիւանագիտութեամբ Թուրքիան դարձուց գլխաւոր դերակատարներէն մէկը Լիպիոյ մէջ:

Էրտողան համոզուած է, թէ Թուրքիան՝ Օսմանեան կայսրութեան ժառանգորդը ըլլալով, պէտք է անոր փառքերը վերակենդանացնէ, ուստի նոյն այդ օսմանցիներուն զէնքը՝ կրօնքը գործածելով, ան կը ջանայ նոր կայսրութիւն մը հիմնել: «Ճիհատ»ը՝ Աստուծոյ սիրոյն իսլամներու մղած պատերազմը, կարեւոր հարց մըն է Էրտողանի պահպանողական ընտրատարածքին մէջ եւ ի հարկ է նաեւ ինքնին Էրտողանի համար․ արդարեւ, ան շատ գործօն կերպով կ՛օգտուի այդ գաղափարէն՝ մոլեռանդ իսլամներու միտքերուն մէջ հերոսի տպաւորութիւն ձգելով, ինչպէս Լիպիոյ Մսրաթէ քաղաքի հրամանատար առաջնորդ Ֆարաճ Մուսթաֆա ըսած է․ «Էրտողանը իսլամ ազգի առիւծն է»:

Էրտողան սակայն կը վազէ անհասանելի իսլամական կայսրութեան մը երազանքին ետեւէն. այդ մէկը անհնար է, քանի որ Թուրքիոյ տնտեսութիւնը ներքնապէս արագընթաց փլուզումի մէջ է։ Շատ դժուար պիտի ըլլայ շարունակել Էրտողանի յիշեալ արկածները՝ նոյնիսկ Քաթարի նման հարուստ երկրի մը աջակցութեամբ։ Միւս կողմէ, Թուրքիոյ բանակն ու օդուժը մեծ հարուածներ ստացան ինքնին Էրտողանէն, 15 Յուլիս 2016ի անյաջող յեղաշրջումէն ետք, եւ տակաւին ամբողջովին չեն վերականգնած․ հետեւաբար, Թուրքիան կրնայ խնդիրներ յառաջացնել Լիպիոյ մէջ, բայց պիտի չյաջողի արդիւնքի մը հասնիլ:

Քաթարէն բացի ո՛չ մէկ երկիր կ՛աջակցի Թուրքիոյ. Ալճերիան եւ Թունիզը դրական կը գնահատեն Թուրքիոյ կեցուածքը, իրենց երկիրներու «Իսլամ եղբայրներ» խմբակցութեանց ազդեցութեան տակ, սակայն անոնք չեն օժանդակեր անոր ռազմական գործողութիւններուն, մինչդեռ Թուրքիոյ համար անհնար է որեւէ աջակցութիւն ցուցաբերել Լիպիոյ կառավարութեան ղեկավար Ֆայէզ Սառաճին՝ առանց Թունիզի օդային ու ծովային օժանդակութեան։ Եգիպտոսը, Սէուտական Արաբիան եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները նեցուկ կը կանգնին Լիպիոյ բանակի զօրավար Խալիֆա Հաֆթերին, նմանապէս՝ Ռուսիան, Ֆրանսան եւ Իտալիան։ Իսկ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Թրամփ դէմ է Թուրքիոյ միջամտութեան Լիպիոյ հարցով, ի տարբերութիւն Սուրիոյ իրավիճակին, ինչպէս նաեւ դէմ են Եւրոմիութեան անդամները:

Լիպիոյ հարցով Պերլինի համաժողովի մասնակիցները չաջակցեցան Էրտողանի այդ առաջարկին, որ կը ձգտէր թրքական բանակը միջամուխ ընել Լիպիոյ հակամարտութեան՝ Սառաճին օգնութեան հասնելու պատրուակով․ աւելին, անոնք խստիւ արգիլեցին արտաքին որեւէ ռազմական միջամտութիւն․ բան մը, որ զայրոյթ պատճառեց Էրտողանին եւ զայն մղեց լքելու համաժողովը՝ նախքան աւարտը: Էրտողանն ու Փութինը հակառակ կողմեր են, երբ խօսքը կը վերաբերի Լիպիոյ․ բոլորը լաւատեղեակ են, որ հակառակ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի պարծենկոտութեան, ան կրնայ ներկայութիւն ըլլալ Սուրիոյ եւ Լիպիոյ մէջ միա՛յն այնքան, որքան իրեն թոյլ կու տայ Մոսկուան:

Օսմանեան կայսրութեան վերջին շրջանին, եւրոպական պետութիւնները եւ Ռուսիան լաւատեղեակ էին, թէ ան իր վախճանին հասած էր արդէն ե՛ւ ռազմական, ե՛ւ տնտեսական առումով.  կայսրութիւնը պարտքերով ծանրաբեռնուած էր, իսկ զինուորական կարգերը՝ փտած․ այնուհանդերձ, այդ երկիրները իրենց միջեւ հաւասարակշռութիւնը պահելու համար, որոշ ժամանակով երկարեցին այդ կայսրութեան կեանքը, ինչ որ պատճառ եղաւ երկրի ոչ իսլամ ազգերու բնաջնջման, անոնց կարգին յատկապէս՝ հայերուն: Պատմութիւնը այսօր ինքզինք կը կրկնէ․ մեծ պետութիւնները իրենց շահերը կը պաշտպանեն, արեւելեան եւ արեւմտեան երկիրներու քաղաքական հակամարտութիւնները կը մղեն երկու կողմերուն ալ փափուկ քաղաքականութիւն վարելու Թուրքիոյ հանդէպ:

Սակայն մինչեւ ե՞րբ:

Թուրքիան այդ մեծ երկիրն ու հսկայ ուժը չէ՛, որ կրնայ իր երկրէն հեռու եւ ծովէն անդին պատերազմ մղել, Ամերիկայի նման: Այս ճշմարտութի՛ւն է. այնուամենայնիւ, Թուրքիոյ վերոյիշեալ արկածախնդրութիւնը կրնայ վերածուիլ արիւնոտ ճահիճի մը, որ երկար պիտի տեւէ։ Աւելին, Սառաճի կառավարութիւնը կրնայ Թուրքիոյ գործակալը նկատուիլ Լիպիոյ մէջ եւ այդպիսով՝ կորսնցնել միջազգային աջակցութիւնը:

Ի վերջոյ, Էրտողան ամենամեծ վնաս կրողը պիտի ըլլայ, եթէ Լիպիոյ բանակի զօրավար Խալիֆա Հաֆթեր տիրանայ կացութեան՝ ուժով թէ այլ կարգադրութեամբ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment