Հայ Ամերիկեան Խորհուրդի (ՀԱԽ) հրաւէրով Յունուար 23-ին, ՀԿԲՄ-ի Փասատինայի կեդրոնէն ներս ելոյթ ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու Տան անդամ, գոնկրէսական Ճիւտի Չու, որ վերջերս այցելած էր Հայաստան եւ Արցախ:
Հանդիպումին ներկայ էին համայնքի մեծ թիւով անդամներ, ՍԴՀԿ ղեկավար մարմինի եւ քաղաքային ներկայացուցիչներ:
Հանդիպումը համադրեց ՀԱԽ-ի վարչութեան անդամ, իրաւաբան Գրիգոր Մոլոյեան: Ան նախ ներկայացուց գոնկրէսական Չուի երկարամեայ հասարակական գործունէութիւնըª վեր առնելով անոր կեցուածքը Ամերիկահայ համայնքը յուզող հարցերու շուրջ:
Հետաքրքիր զրոյցի ընթացքին խօսուեցաւ Ամերիկեան Ծերակոյտի եւ Ներկայացուցիչներու Տան կողմէ Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւերու հաստատման, ԱՄՆ-Հայաստան փոխյարաբերութիւններուն եւ Գոնկրէսի պատուիրակութեան Հայաստան եւ Արցախ այցելութեան մասին:
Ճիւտի Չու վերահաստատեց իր զօրակցութիւնը եւ նեցուկը Ամերիկահայ համայնքին եւ խօսեցաւ յատկապէս Արցախի բնական գեղեցկութեան եւ իր ստացած տպաւորութիւններուն: Ան ըսաւ որ, ինքզինք շատ ապահով զգացած է Արցախի մէջ, հակառակ Ազերի շրջանակներու կողմէ իրեն ուղղուած զգուշացումներուն եւ այցելութիւնը չեղեալ ընելու պահանջներուն:
Գոնկրէսականը յայտնեց որ, ամենէն տպաւորիչը եղած է Ցեղասպանութեան թանգարան եւ Յուշհամալիր այցելութիւնը:
Ճիւտի Չու խօսեցաւ նաեւ Halo կազմակերպութեան կողմէ կատարուող ականազերծման աշխատանքներուն, որոնք մնացած են պատերազմի տարիներէն եւ կը շարունակեն մարդկային զոհեր խլել: Ան յայտնեց որ, աշխատանք պիտի տանի, որպէսզի Արցախ-Ատրպէյճան սահմանին դիտորդական կէտեր հաստատուին, զինադադարի պահպանման վրայ հսկելու համար:
Երեկոյի ընթացքին ներկաները առիթը կ°ունենային հեռատեսիլի պաստառի վրայ տեսնելու տեսարաններ այցելութեան վայրերէն: