Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Իսրայէլի Նախագահի Հետ Հանդիպման Արմէն Սարգսեանը Կարեւորած Է Իսրայէլի Կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչումը

Իսրայէլի Նախագահի Հետ Հանդիպման Արմէն Սարգսեանը Կարեւորած Է Իսրայէլի Կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչումը

by MassisPost

Իր նախագահական նստավայրին մէջ Հայաստանի նախագահը ընդունած է Իսրայէլի նախագահ Ռեուվէն Ռիւլինն, որ արդէն 22 յունուարին մէկ անգամ ողջունած էր Սարգսեանը:

Նախագահ Սարգսեանի աշխատակազմէն յայտնած են, որ վերոնշեալ հանդիպման անդրադառնալով Իսրայէլի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման՝ Հայաստանի նախագահը կարեւոր համարած է, որ Իսրայէլն առաջնային դեր ունենայ եւ ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը: Ընդգծելով, որ պատմութեան այս ամօթալի էջի ճանաչումն ու դատապարտումը պէտք չէ պայմանաւորուած ըլլայ քաղաքական նպատակայարմարութիւններով՝ նախագահ Սարգսեանն ըսած է, որ ճանաչումն ու դատապարտումն անհրաժեշտ են, որպէսզի նման մարդկային աղէտներ այլեւս երբեք չըլլան եւ երբեւէ չկրկնուին։

Ինչ կը վերաբերի համագործակցութեան հեռանկարներուն, նախագահ Սարգսեանը նշած է, որ ապագան նորագոյն արհեստագիտութիւններն են։ Ան վստահութիւն յայտնած է, որ երկու երկիրները կրնան յաջողութեամբ համագործակցիլ այս ոլորտին մէջ, եւ իր նպատակն է սերտ կապեր հաստատել Իսրայէլի արհեստագիտական համալսարաններուն հետ:

Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեանը երկու օր առաջ Բեթղեհեմի Սուրբ Ծննդեան տաճար այցելելէ ետք հանդիպած էր նաեւ Պաղեստինի Ազգային իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասի հետ: Նախագահ Սարգսեանն իր երախտագիտութիւնը յայտնած էր Պաղեստինի Ազգային իշխանութեան նախագահին, կառավարութեանն այն ամէնուն համար, որ անոնք կ’ընեն հայ եկեղեցւոյ համար:

Արմէն Սարգսեանը պատմական որակած է Հոլոքոսթի 75-ամեակին նուիրուած այս համաժողովի կայացումը ու կը կարծէ, որ անհրաժեշտ էր Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայացուած ըլլալը, ու նաեւ ժամանակն է, որ Հայոց Ցեղասպանութիւնն Իսրայէլը ճանչնայ որպէս Ցեղասպանութիւն:

«Հոլոքոսթի 75-ամեակի առիթով պատմական յուշագիրք է տպուել, որտեղ բոլոր մասնակից նախագահները մէկ էջում ներկայացրել են իրենց խօսքը: Իմ խօսքը յստակ ասում է եւ Հոլոքոսթի մասին, եւ Հայոց մեծ եղեռնի մասին` Ցեղասպանութեան մասին», – նկատած է ան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment