Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Կը Տողանցէ Բանակը. Կը Տողանցէ Պատմութիւնը

Կը Տողանցէ Բանակը. Կը Տողանցէ Պատմութիւնը

by MassisPost

Այսօր, Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերուն հիմնադրութեան տօնն է: Համահայկական հպարտութեան շքեղ առիթ մը՝ անգամ մը եւս ընդգծելու հայոց մարտունակութեան անհրաժեշտութիւնը եւ խոնարհելու այն հերոսներու յիշատակին առջեւ, որոնք փառքով պսակեցին իրենց անունները եւ պատուով պաշտպանեցին հայրենիքի սահմաններն ու ազգային արժանապատուութիւնը:

Հասկնալիօրէն, հայ մարդը սրտառուչ հոգիով եւ սրտի զգայուն թրթիռներով կը մօտենայ հայոց ռազմական անցեալին եւ ներկային, անոր թուլութեան օրերուն վերագրելով իր ողբերգութեանց դրուագները եւ հզօրութեան օրերուն՝ յաղթանակներու ոսկէ շղթան: Հակասական անմեկնաբանելի ապրում մը, որ ընկալելու համար՝ պէտք է վերաքաղել մեր պատմութեան վերիվայրումներն ու յաջորդական իրադարձութիւնները: Անկասկած, բանակ-պատմութիւն-ազգ եռեակը իրարու զօդուած է այնքա՜ն ամրօրէն, որ կարելի չէ լիուլի հասկնալ մին՝ անտեսելով միւսը:

Երրորդ հանրապետութեան օրով չէ որ ծնաւ ան: Հայկական ռազմարուեստի պատմութեան ակունքները կը հասնին խոր անցեալը, երբ Հայաստան տիրող ներկայութիւն էր տարածաշրջանէն ներս՝ հաշուի նստող հզօրներու հետ՝ Հռոմի եւ պարթեւներու: Բանակը այդ օրերէն ունեցաւ իր մարտունակութեան, մարտավարութեան եւ բարոյական վարքականոնը: Բոլոր ժամանակներու հայկական պետականութեանց համար բանակը ունէր զգալի դեր ե՛ւ ոգեկան ե՛ւ կարգապահութեան առումներով: Ան հարկադրուած էր ճակատին տարատեսակ հակառակորդներու դէմ՝ որոնք մշտակայ սպառնալիքներ էին շուրջբոլորը հաւաքուած:

Դէպքերու բերումով, պետականութեան բացակայութեան, երբ զրկուած էինք պաշտօնական բանակ ունենալու իրաւունքէն, ռազմական միաւորումներ իրենց գոյութեամբ չէին դադրեր հակահարուած տալու զաւթիչ ուժերու: Նախարարական տուներ, ապստամբական խլրտումներով մարտական ոգին կը պահէին բարձր: Հայաստանի լեռներն ու կիրճերը բնական ամրոցներ հանդիսացան հայ ռազմիկներուն համար: Բերդաշինութեանց, ամրոցներու գոյութիւնն ու ռազմարուեստի բառապաշարը կը վկայեն՝ թէ հայորդիք մնացած են կառչած ռազմական ոճին՝ հետապնդելով անկախ հայրենիքի մը ստեղծումը: Մամիկոնեան տոհմին մարտական առինքնող եւ բերկրառիթ սխրանքները կրնային գօտեպնդել սերունդները եւ հայրենասիրութեան սերմեր ցանել նորափթիթ երիտասարդութեան մէջ: Բազմաթիւ ճակատամարտերու, զինեալ ընդհարումներու փաստերը շառաչուն վկայութիւններ են հայոց անվիճարկելի արիութեան: Հայկական այրուձիին կերտած յաղթանակները, արի առանց հերոսներու անընկճելի կամքն ու կորովը խօսուն էջեր են ազգային գիտակցութիւնը բորբոքող:

Անկասկած, ուշագրաւ երեւոյթ էր Հայաստանի բնական սահմաններէն դուրս Կիլիկիոյ մէջ հայկական պետութեան գոյառումը, որուն հետ օրուան միջազգային ուժերը կը ցանկային ունենալ սիրալիր յարաբերութիւններ՝ հաշուի առնելով անոր ռազմաքաղաքական հեղինակութիւնը: Այդ օրերու բանակային համակարգը խարսխուած էր արեւմտեան բնօրինակով, կուռ կառուցուածքով: Կիլիկիոյ մէջ բուռն կերպով զարգացած բերդաշինութեան վերելքը կրնայ հաստատել, որ բանակը հանդիսացած էր էական առաջնահերթութիւն մը օրուան թագաւորներուն համար:

Պետականութեան բացակայութեան, հայ մարդու ենթագիտակցութեան մէջ միշտ վա՛ռ կը մնար օրինակելի բանակ մը ունենալու երազը: Հայը կը հաւատար, որ իր անչափելի կորուստներուն պատճառը հատու բազուկի մը բացակայութիւնն էր: Կը հաւատար նաեւ, որ թշնամի խաժամուժին սանձարձակութեան արժանի դաս մը կրնայ տալ հայոց ռազմական հակագրոհները: Ո՞վ կրնայ ուրանալ, որ երկրի մը ապահովութեան, բարգաւաճման եւ ամրութեան նախապայմանը բանակն է ու անոր հայրենապաշտութեան վեհ ոգին: Եւ ահա՝ Արցախի մէջ Խամսայի Մելիքութիւններէն մինչեւ Սիւնիքի մէջ Դաւիթ Բէկ ու Մխիթար Սպարապետ սուր ճօճեցին օրուան մեծամիտ տիրակալներու դէմ:

Ազատագրական պայքարը եւ անկէ բղխած հայդուկային շարժումը, թէեւ փոքր տարողութեամբ, բանակը փոխարինող գործօն մըն էր: Ան իր մարտական ժառանգութիւնը կը ստանար պատմութենէն՝ կերտելու համար հերոսամարտերու եւ ինքնապաշտպանական կռիւներու դիւցազնաշունչ պատմութիւնը: Զէյթուն, Սասուն ու Վանէն Մուսա Լեռ ու Շապին Գարահիսար, Ուրֆայէն մինչեւ աւելի ուշ՝ Այնթապ ու Հաճըն բանակայինի վայել կարգապահութեամբ եւ նպատակասլացութեամբ հայ ռազմիկներ ցոյց տուին սեփական ուժին փարելու անկոտրում արիութիւնը: Ի՜նչքան արցունքներ խլած են այն մարտիկները, որոնք զինուորական միատեսակ համազգեստով եւ սպայական կազմով կը մտնէին Ռոտոսթօ, Կարին, Վան՝ կամաւորական գունդերով: Հայկական լեգէոնին նուաճումները Արարայէն Կիլիկիա եւ մուտքը Ատանա՝ յոյս ու լոյս կը բաշխէին սեփական բանակի կարօտ հայ ժողովուրդի զաւակներուն: Պատմութեան դաժան դասը կը յուշէր եւ կը պարտաւորեցնէր՝ ըլլալ պատրաստակամ ու ինքնայօժար՝ զէնքի ծառայութեան, իսկ հայութեան փոխանցուած պատգամը հետեւեալն էր՝ եթէ չկերակրես եւ չգուրգուրաս քու ազգային բանակիդ, յետագային՝ հարկադրուած պիտի կերակրես օտարի բանակին, ստրկանաս եւ ծանրօրէն վճարես գինը՝ քեզի իշխողին: Հետեւաբար՝ տէրը եղի՛ր եւ լաւապէս իմացի՛ր արժէքն ու առաքելութիւնը քո՛ւ ազգային բանակիդ:

Երրորդ հանրապետութեան ծնունդին երկունքը անմիջականօրէն առնչուած է արցախեան ազատամարտին հետ: 1988-ին՝ ինքնաբուխ կերպով կեանքի կոչուած ջոկատները, տարերայնօրէն կազմաւորուած խումբերը եւ ինքնակամօրէն ճակատ նետուող ուժերը հետզհետէ կազմակերպուեցան դառնալու համար կորիզը հայկական բանակին, որուն պաշտօնական տարեդարձը կը նշուի այսօր: Առաջին մկրտութիւնը անոր եղաւ գերազանց: 1992-ին՝ դարձաւ ամուր կառոյց եւ երկաթեայ կարգապահութեամբ կարգի հրաւիրեց անհանդարտ թշնամին: Այս հրեղէն գուպարին իրենց մեծղի վաստակը ներդրեցին խորհրդային օրերէն ռազմական փորձ ու փորձառութիւն շահած հրամանատարներ, զէնքի ատակ եւ ունակ հմուտ հայորդիներ: Արդարեւ, երախտագիտութեամբ պարտինք յիշել խորհրդային ռազմական այն հարուստ դպրոցը որուն բովէն անցան մարտական յաջորդական սերունդներ:

Փառաբանել բանակի օրը եւ չյիշել անոր առաջին կնքահայրը՝ պաշտպանութեան նախարար Վազգէն Սարգսեանը՝ պիտի ըլլար կոպիտ մեղանչում մը: Ան հիմնասիւնն էր բանակաշինութեան գործին՝ կարծէք պատմութեան արձագանգը ըլլալով կ’ուզէր սրբագրել անցեալի թերացումը եւ բանակը դարձնել հիմնական կառոյցն ու խարիսխը հայ ժողովուրդի ապահովութեան եւ հայրենիքի սահմաններուն անսասանելիութեան: Յարգա՛նք իր անմեռ յիշատակին ու վաստակին:

Սրտի անհուն խայտանքով եւ հպարտութեան ուռած կուրծքերով վերջերս իմացանք, որ այժմ հայկական բանակը կը գտնուի երբեւէ արձանագրած իր հզօրութեան բարձրութեան վրայ: Այս լուրջ իրողութիւնը աւետեց բանակի շտապի պետ, զօրահրամանատար Արտակ Դաւթեանը: Ուրեմն՝ այսուհետեւ, երբ պիտի տողանցէ բանակը, իր հետ տողանցած պիտի ըլլայ պատմութիւնը: Պատմութեան մեծագոյն դասը, այսինքն՝ հզօր բանակ ունենալու հրահանգը:

Ողջո՜յն հայկական բանակի ստեղծման պանծալի տարեդարձին:

Փա՛ռք անոր անցեալի եւ մերօրեայ կերտիչներուն:

Յարգա՛նք ու խո՜ւնկ անոր բիւրաւոր նահատակներուն, հերոսներուն եւ հայ պայքարի ճանապարհին ինկած բոլոր քաջերու նուիրական յիշատակին:

Դոփէ՛ հայկական բանակ, քանզի քու հետդ կը տողանցէ պատմութիւնը հայոց:

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ
«ԱՐԱՐԱՏ»

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment