«Ես զինուորական եմ եւ հրաման եմ կատարել». «Ազատութեան» հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է 2008 թուականի մարտեան դէպքերու ժամանակ Արցախէն Հայաստան զօրք բերելու հանգամանքին այսպէս արձագանգած է Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարար՝ Մովսէս Յակոբեանը:
Ինչպէս պարզ դարձած է զօրավար Սամուէլ Կարապետեանի հրապարակուած հարցաքննութենէն, 2008 թուականի Փետրուար 23-ին Լեռնային Ղարաբաղի տարբեր ստորաբաժանումներէն Հայաստան բերուած է նախ 300, այնուհետեւ եւս 400 զինծառայող: Նոյն հարցաքննութեան մէջ զօրավար Կարապետեանը նշած է, որ այդ ժամանակահատուածին հայկական կողմը Արցախի մէջ դիրքեր կորսնցուցած է, որոնք յետագային վերականգնած է:
Հարցաքննութեան հրապարակումէն ետք հնչած են հարցադրումներ, թէ ինչու զինուորը, սահմանը թուլացնելու հաշւոյն, բերուած է Հայաստան:
Այդ օրերուն Արցախի պաշտպանութեան նախարար, ներկայիս Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան Գլխաւոր ռազմական տեսուչ Մովսէս Յակոբեանը արձագանգած է, թէ նախ պէտք է հասկնալ ինչու հրապարակուած են նախաքննութեան գաղտնիք համարուող նիւթերը:
Նոյն հարցաքննութեան մէջ Սամուէլ Կարապետեանը նշած է, որ ինքը հրահանգեր ստացած է շտապէս, սակայն չի գիտեր, թէ այն ուր տեղակայուած եղած է:
Մովսէս Յակոբեանը ըսած է, որ ինքը եւս տեղեկութիւններ չունի շտապի մասին: