Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) գլխաւոր քարտուղարի թեկնածու, Պելառուսիայի Անվտանգութեան խորհուրդի պետական քարտուղար Սթանիսլաւ Զասը ընդունած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը:
Վարչապետը կարեւորած է ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղարի թեկնածութեան հարցի վերաբերեալ կազմակերպութեան անդամ երկիրներու միջեւ համաձայնութեան գալու փաստը: «Ուրախալի է, որ համաձայնութեան եկանք, որ 2020 թուականի Յունուարի 1-ից ռոտացիոն սկզբունքով Դուք կը ստանձնէք ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղարի պաշտօնը:
ՀԱՊԿ-ը հանդիսանում է ՀՀ անվտանգութեան համակարգի կարեւորագոյն տարրերից մէկը, եւ Հայաստանը շահագրգռուած է այդ կառոյցի արդիւնաւէտ աշխատանքում: ՀԱՊԿ գործունէութիւնը մեր տարածաշրջանում պէտք է նպաստի հաւասարակշռութեան եւ խաղաղութեան պահպանմանը», – նշած է Նիկոլ Փաշինեանը:
ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղարի պաշտօնը թափուր մնացած էր Հայաստանի ներկայացուցիչ Եուրի Խաչատուրովի ետ կանչումէն ետք: Անոր նկատմամբ մեղադրանք առաջադրուած էր «Մարտի 1»-ի գործով սահմանադրական կարգը տապալելու համար: Յիշեցնենք, որ աւելի վաղ Հայաստանը համաձայնութեան չէր գար ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղարի պաշտօնին Պելառուսիայի թեկնածուի հարցի շուրջ: Պաշտօնական Երեւանը նպատակայարմար չէր գտած աւելի վաղ անոր ընդունիլ Հայաստանի մէջ: