Նախագահ Արմէն Սարգսեանը հրամանագիր ստորագրած է, որով Գրիգոր Յովհաննիսեանը ետ կանչուած է ԱՄՆ-ի մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպանի պաշտօնէն։
Նախագահի մէկ այլ հրամանագրով Վարուժան Ներսիսեանը նշանակուած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան:
Երկու պարագային ալ հրամանագրերու հիմքը եղած է ՀՀ վարչապետի առաջարկութիւնը։
Նախագահի հրամանագրերով նաեւ դատաւորներ նշանակուած են։
Արշակ Վարդանեանն ու Լուսինէ Աբգարեանը նշանակուած են Վերաքննիչ Քրէական դատարանի դատաւոր, իսկ Ռոպերթ Մաքէյեանը՝ Վարչական դատարանի դատաւոր։