Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Աննա Նաղտալանը՝ ԵԱՏՄ-ին Ատրպէյճանի Անդամակցութեան Մասին

Աննա Նաղտալանը՝ ԵԱՏՄ-ին Ատրպէյճանի Անդամակցութեան Մասին

by MassisPost

«Եթէ Ատրպէյճանի ԵԱՏՄ անդամակցութեան հարցը դրուի օրակարգ, Հայաստանն իր անդամակցութիւնից բխող ողջ գործիքակազմով կը ձեռնարկի համապատասխան քայլեր»,- այս մասին  լրագրողներու հետ ճեպազրոյցի ժամանակ ըսած է ՀՀ ԱԳՆ մամլոյ  խօսնակ Աննա Նաղտալեանը՝ անդրադառնալով Հայաստանի մէջ իրականացող «Եւրասիական շաբաթ» համաժողովի շրջագիծէն ներս ՌԴ նախագահի  խորհրդական Սերկէյ Կլազեւի յայտարարութեան, թէ Ատրպէյճանի անդամակցութիւնը ԵԱՏՄ-ին հնարաւոր է։

Մամլոյ խօսնակը նշած է, որ ԵԱՏՄ համաժողովի ներկայացուցիչը այդ մասով արդէն յայտարարութիւն ըրած է՝ ըսելով, որ նման հարց օրակարգի մէջ չկայ:

«ԵԱՏՄ հիմնադիր փաստաթղթերում յստակօրէն նշուած է՝  անդամ կարող է դառնալ այն պետութիւնը, որը որեւէ գործողութիւն չի արել  ի վնաս կառոյցի եւ անդամ պետութիւններից որեւէ մէկի»,- ընդգծած է Աննա Նաղտալեանը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment