Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ՍԴՀԿ կը Մերժէ Լիբանանահայութեան Նախարարական Իրաւունքներու Նսեմացումը

ՍԴՀԿ կը Մերժէ Լիբանանահայութեան Նախարարական Իրաւունքներու Նսեմացումը

by MassisPost

Անցնող քանի մը ժամերուն շարունակուեցան Լիբանանի նոր կառավարութեան կազմութեան շուրջ յառաջացած խորհրդակցութիւնները եւ քննարկումները: Բոլոր տուեալները կը նշեն, որ նոր կառավարութեան կազմութիւնը մօտալուտ է եւ կը մնան կարգ մը բարդոյթներ, որոնց համար անհրաժեշտ է լուծումներ գտնել:

Անոնցմէ մէկն է վերջին ժամերուն տարածուած շշուկները` 30 նախարարներէ բաղկացած կառավարութեան մէջ լիբանանահայութեան միայն մէկ հայ առաքելական նախարար տրամադրելու եւ երկրորդ նախարարը փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչի փոխանցելու մասին:

Այս առնչութեամբ,  Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Լիբանանի շրջանի Վարիչ Մարմինի ատենապետ Ընկ. Սեպուհ Գալփաքեան մեկնաբանելով նշեալ շշուկները, վերահաստատեց, որ 30 հոգինոց կառավարութեան մէջ երկու հայ առաքելական նախարար ունենալը հայութեան իրաւունքն է եւ ենթակայ չէ սակարկութեան կամ որեւէ քննարկումի:

Ան դիտել տուաւ, որ եթէ երեսփոխանական վերջին ընտրութիւններուն աճպարարութեամբ մը կարելի եղաւ խափանել հայ համայնքի ճշգրիտ ներկայացուցչութիւնը, ապա այսօր թոյլատրելի չէ կրկնել նոյն փորձը:

Ընկ. Գալփաքեան զգուշացուց Լիբանանի մէջ տարիներէ ի վեր գործող կարգերը խախտելու վտանգաւոր հետեւանքներէն եւ հաստատեց, որ Հնչակեան կուսակցութիւնը եւ լիբանանահայութիւնը կը մերժեն իրենց քաղաքական աշխոյժ գործունէութիւնը նսեմացնելու փորձերը` զանազան խորագիրներու տակ, նախագահ Միշէլ Աունին եւ նշանակեալ վարչապետ Սաատ Հարիրիին կոչ ուղղելով պահպանելու բոլորին արդար իրաւունքները:

Ընկ. Գալփաքեան նաեւ նշեց, որ եթէ երկու հայ առաքելական նախարարներէն մէկը վերապահուած է կուսակցութեան մը, ապա երկրորդ հայ նախարարի անուանումը պէտք է վերապահուած ըլլայ միւս կուսակցութիւններուն, որոնք եւս գործօն մասնակցութիւն ունին լիբանանահայ եւ լիբանանեան քաղաքական կեանքին մէջ: Վարիչ Մարմինի ատենապետը նման կարգերու խախտման պարագային կոչ ուղղեց ընդհանրապէս մաս չկազմելու կառավարութեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment