Անցնող քանի մը ժամերուն շարունակուեցան Լիբանանի նոր կառավարութեան կազմութեան շուրջ յառաջացած խորհրդակցութիւնները եւ քննարկումները: Բոլոր տուեալները կը նշեն, որ նոր կառավարութեան կազմութիւնը մօտալուտ է եւ կը մնան կարգ մը բարդոյթներ, որոնց համար անհրաժեշտ է լուծումներ գտնել:
Անոնցմէ մէկն է վերջին ժամերուն տարածուած շշուկները` 30 նախարարներէ բաղկացած կառավարութեան մէջ լիբանանահայութեան միայն մէկ հայ առաքելական նախարար տրամադրելու եւ երկրորդ նախարարը փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչի փոխանցելու մասին:
Այս առնչութեամբ, Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Լիբանանի շրջանի Վարիչ Մարմինի ատենապետ Ընկ. Սեպուհ Գալփաքեան մեկնաբանելով նշեալ շշուկները, վերահաստատեց, որ 30 հոգինոց կառավարութեան մէջ երկու հայ առաքելական նախարար ունենալը հայութեան իրաւունքն է եւ ենթակայ չէ սակարկութեան կամ որեւէ քննարկումի:
Ան դիտել տուաւ, որ եթէ երեսփոխանական վերջին ընտրութիւններուն աճպարարութեամբ մը կարելի եղաւ խափանել հայ համայնքի ճշգրիտ ներկայացուցչութիւնը, ապա այսօր թոյլատրելի չէ կրկնել նոյն փորձը:
Ընկ. Գալփաքեան զգուշացուց Լիբանանի մէջ տարիներէ ի վեր գործող կարգերը խախտելու վտանգաւոր հետեւանքներէն եւ հաստատեց, որ Հնչակեան կուսակցութիւնը եւ լիբանանահայութիւնը կը մերժեն իրենց քաղաքական աշխոյժ գործունէութիւնը նսեմացնելու փորձերը` զանազան խորագիրներու տակ, նախագահ Միշէլ Աունին եւ նշանակեալ վարչապետ Սաատ Հարիրիին կոչ ուղղելով պահպանելու բոլորին արդար իրաւունքները:
Ընկ. Գալփաքեան նաեւ նշեց, որ եթէ երկու հայ առաքելական նախարարներէն մէկը վերապահուած է կուսակցութեան մը, ապա երկրորդ հայ նախարարի անուանումը պէտք է վերապահուած ըլլայ միւս կուսակցութիւններուն, որոնք եւս գործօն մասնակցութիւն ունին լիբանանահայ եւ լիբանանեան քաղաքական կեանքին մէջ: Վարիչ Մարմինի ատենապետը նման կարգերու խախտման պարագային կոչ ուղղեց ընդհանրապէս մաս չկազմելու կառավարութեան: