Ըստ ՌԴ պաշտպանութեան նախարարութեան պաշտօնական կայքին, Ռուսաստանն ու Ազրպէյճանը կը նախատեսեն «զգալիօրէն ընդլայնել եւ յստակեցնել ռազմատեխնիկական համագործակցութիւնը»:
Թէպէտեւ Ազրպէյճանը անդամ չէ ՀԱՊԿ-ին, յատկապէս վերջին շրջանին երկու երկրներու ռազմատեխնիկական համագործակցութիւնը արագօրէն կը զարգանայ:
Ռուսաստանի պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկուն Պաքուէն, ուր անակնկալ այցով մեկնած էր երէկ, Երեւան կ՛այցելէ՝ մասնակցելու Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) անդամ երկրներու Պաշտպանութեան նախարարներու խորհուրդի հերթական նիստին:
Երէկ Պաքուի մէջ Շոյկուին ընդունած է Ազրպէյճանի նախագահը: Իլհամ Ալիեւ ընդգծած է, որ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինին՝ վերջերս կայացած այցի ժամանակ քննարկուած են նաեւ երկու երկիրներուն ռազմատեխնիկական համագործակցութեան վերաբերող հարցեր:
Ազրպէյճանի նախագահին խօսքով՝ ռուս-Ազրպէյճանական յարաբերութիւններու այսօրուան բարձր մակարդակը թոյլ կու տայ լուծել բազմաթիւ, անոր կարգին՝ տարածաշրջանային անվտանգութեան հետ առնչուող հարցեր:
Իսկ այսօր Պաքուի մէջ կայացած են Սերկէյ Շոյկուի ու Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանովի բանակցութիւնները:
Ըստ ՌԴ պաշտպանութեան նախարարութեան՝ երէկ տարածած հաղորդագրութեան, Շոյկուն Ազրպէյճանի մայրաքաղաքի մէջ պիտի քննարկէ ռազմատեխնիկական համագործակցութեան հարցեր եւ ղարաբաղեան խնդիրը: Մինչեւ այս պահը, սակայն, Ղարաբաղին վերաբերող հրապարակային որեւէ յայտարարութիւն չէ կատարուած:
Ռուսաստանեան «Նովոսթի» լրատուական գործակալութիւնը կը փոխանցէ, որ Շոյկու եւ Հասանով արդէն քննարկած են նաեւ կասպեան տարածաշրջանի անվտանգութեան վերաբերող հարցեր: Ռուսաստանի պաշտպանութեան նախարարը ազրպէյճանցի իր պաշտօնակիցին պատմած է նաեւ Սուրիսյ մէջ գործող ռուսաստանեան ականազերծման կեդրոնի մասին՝ ազրպէյճանցիներուն հրաւիրելով մասնակցիլ անոր աշխատանքներին:
Նշենք նաեւ, որ այսօր Ռուսաստանը սկսած է՝ Կասպից ծովի տարածքին, զինավարժութիւններ կատարել:
Ռուս-ազրպէյճանական ռազմական համագործակցութեան մասին որոշ մանրամասներ այսօր յայտնուած է Ռուսաստանի պաշտպանութեան փոխնախարար Անատոլի Անտոնովը՝ մասնաւորապէս փոխանցելով, թէ Մոսկուան «յառաջխաղացում կ՛ակնկալէ կասպեան տարածաշրջանին մէջ անվտանգութեան համակարգ ստեղծելու խնդիրին հետ կապուած»:
Այս տարածաշրջանը, յիշեցնենք, կ՛նդգրկէ Ազրպէյճանը, Թուրքմենիստանը, Իրանը, Ղազախստանը եւ Ռուսաստանը:
Անտոնովը նաեւ յայտարարած է, որ ռազմական հարցերու շուրջ ռուս-ազրպէյճանական երկխօսութիւնը կը շարունակուի աշնան Մոսկուայի մէջ կայանալիք ռուս-ազրպէյճանական միջկառավարական հերթական նիստի ընթացքին:
Յիշեցնենք, որ աւելի վաղ Ռուսաստանի իշխանութիւնները յայտարարած էին, որ պատրաստ են սպառազինութեան մատակարարման նոր պայմանագիր կնքել Ազրպէյճանի հետ: Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինը անցեալ շաբաթ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ համատեղ մամլոյ ասուլիսին յայտնած էր, թէ «Ազրպէյճանի պէս հարուստ երկիրը կարող է զէնք գնել որեւէ երկրէ»: