ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղար Անթոնիօ Կուտերեշ դիմատետրի ուղիղ եթերով ըսած է, որ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած Թաւշեայ յեղափոխութիւնը կը համարէ ներքաղաքական նմանօրինակ հարցերը լուծելու հիանալի օրինակ:
«Մենք վերջերս ունեցանք իշխանութիւնը խաղաղ փոխանցելու հիանալի օրինակ, որ տեղի ունեցաւ Հայաստանի մէջ: Ատիկա հրաշալի օրինակ է, որ կը խօսի այն մասին, թէ պատճառներ կան հաւատալու, որ նոր սերունդը ընդունակ պիտի ըլլայ աւելի լաւ որոշումներ կայացնելու, քան իմ սերունդը»,- ըսած է Կուտերեշ:
Յիշեցնենք, որ Նիւ Եորքի մէջ կ’ընթանայ Միաւորուած Ազգերու Կազմակերպութեան Գլխաւոր ընդհանուր ժողովի 73-րդ նստաշրջանը, որուն կը մասնակցի նաեւ Հայաստանի առաջնորդ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը։