Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայիփ Էրտողան Հիւսիսային Կիպրոսի թրքական ինքնահռչակ հանրապետութենէն վերադառնալու ժամանակ պատասխանած է լրագրողներու հարցերուն: Էրտողանը Թուրքիոյ համար օրակարգային հարցերու շարքին անդրադարձած է նաեւ ղարաբաղեան հակամարտութեան:
«Էրմենիհապեր»-ի փոխանցմամբ, ան նշած է, որ մինչեւ այժմ միջազգային հարթակներու վրայ Թուրքիան միշտ աջակցութիւն ցուցաբերած է Ատրպէյճանին, եւ այդ մէկը պիտի շարունակուի նաեւ ապագային։
«Ղարաբաղի հարցի վերաբերեալ մենք ի սկզբանէ միշտ աջակցած ենք, կ’աջակցինք եւ պիտի շարունակենք աջակցիլ Ատրպէյճանին։ Այս հարցին մէջ կայ 3 պատասխանատու երկիր՝ ԱՄՆ, Ռուսաստան եւ Ֆրանսա։ Ցաւօք, անոնք այդ ուղղութեամբ անհրաժեշտ քայլեր չեն կրնար կամ չեն ընէր։ Եւ, ցաւօք, ատոր համար ալ այդ հակամարտութիւնը կը շարունակուի եւ լուծում չի ստանար»,-ըսած է Էրտողան։
Վերջինս նշած է, որ իրենք բոլոր միջազգային հարթակներուն վրայ՝ ըլլայ ՆԱԹՕ, թէ այլ հարթակ, Ղարաբաղի հարցի վերաբերեալ պիտի շարունակեն աջակցիլ Ատրպէյճանին։
«Այս հարցի վերաբերեալ մենք երբեք անոնց (Ատրպէյճնին-խմբ.) առանձին չենք ձգած եւ չենք ձգեր»,-եզրափակած է Թուրքիոյ նախագահը։