Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Իսկական Մեղաւորները

Իսկական Մեղաւորները

by MassisPost

Հայաստանի Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան հրապարակած տեսագրութիւնները՝ Խորհրդարանի պատգամաւոր եւ Երկրապահ Կամաւորականներու Միութեան նախագահ՝ զօրավար Մանուէլ Գրիգորեանի տան եւ յարակից կալուածներուն մէջ յայտնաբերուածներու մասին, ցնցեց ամբողջ հասարակութիւնը:

Ժողովուրդի համար անակնկալ չէր օլիկարխներու ընդհանուր պահուածքը եւ երկրի թալանումին անոնց մասնակցութիւնը: Սակայն, տարողութիւնը որուն ականատես եղանք բոլորս, սահմրկեցուցիչ էր եւ յուզիչ: Գրիգորեանի մօտ յայտնաբերուած զինանոցը չէր պատճառը, ոչ ալ հնաոճ արժէքաւոր մեքենաներու մեծ թիւը, եւ ոչ ալ կենդանաբանական այգին, ուր կը պահուէին վագր, արջեր եւ ջայլամներ: Այդ բոլորը կարելի էր ընդունիլ եւ բացատրութիւն գտնել: Սակայն, այն ինչ որ զայրոյթ յառաջացուց բոլորին, ապրիլեան պատերազմի ընթացքին Հայաստանէն ու տարբեր երկիրներէն ուղարկուած սնունդի պաշարները, շտապ օգնութեան մեքենան ու այլ կենսական իրերու յայտնութիւնն էր: Իսկ ամենէն յուզիչը՝ դպրոցական երեխաներու գրած նամակներն էին՝ սահմանը պաշտպանող քաջարի զինուորներուն: Այդ նոյն պատանիները, որոնք կարճ տարիներ ետք, իրենք է որ պիտի երթան պաշտպանելու հայրենիքի սահմանները ու սպասեն յաջորդ սերունդէն եկող նամակներուն ու ոգեւորուին անոնցմով:

«Արցախ Հերոս» կոչումին արժանացած զօրավարը միակ չէ դժբախտաբար: Իր նմանները շատ են Հայաստանի տարածքին: Քսան տարի երկիրը կողոպտած ու զայն անձնական ագարակի վերածած համակարգը պատրաստած է ու սնանած նման բազմաթիւ ու բազմաթիւ տիպարներ, որոնք բոլորն ալ ի յայտ պէտք է քան:

Այն ինչ որ ժողովուրդը Ապրիլ-Մայիս ամիսներուն իր պայքարով իրագործեց, իսկապէս հրաշք մըն էր, որ եկաւ փրկելու երկիրը վերջնական կործանումէ:

Հայաստանի նոր իշխանութիւնները ունին դժուարին առաքելութիւն: Լուծելի հարցերը բազմաթիւ են ու բազմաշերտ, սկսեալ սահմաններու պաշտպանութեան հարցերէն, Ժողովուրդի առօրեայ կարիքներէն, հասնելու համար տնտեսութեան զարգացման:

Հակառակ այդ բոլորին, պէտք է ըլլալ հետեւողական, չխնայելով ո՛չ մէկուն: Պէտք է շարունակել պայքարը ու պատասխանատուութեան կանչել բոլորին, սկսեալ առաջին դէմքերէն: Արդարեւ, անոնք են գլխաւոր մեղաւորները:
«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment