Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի 21 Յունիսի տնօրինութեամբ Հոգեշնորհ Տ. Կորիւն աբեղայ Առաքելեանն ազատուած է Ս. Գայիանէ վանքի վանահօր պարտականութիւններէն:
Այս առնչութեամբ Մայր Աթոռի լուսարարապետութեան թելադրուած է ապահովել Հայր Կորիւնի կեցութիւնը մայրավանքի մէջ:
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Կարգապահական յանձնախումբին յանձնարարական տրուած է քննութեան առնել Տ. Կորիւն աբեղայ Առաքելեանի հետ առնչուած խնդիրները:
Նորին Սրբութեան տնօրինութեամբ Ս. Գայիանէ վանքի վանահայր նշանակուած է Հոգեշնորհ Տ. Մատթէոս վարդապետ Պօղոսեանը:
Յիշեցնենք, Կորիւն աբեղայ Առաքելեանը միացած է Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի հրաժարականը պահանջող «Նոր Հայաստան, նոր Հայրապետ» նախաձեռնութեանը: