Այս տողերը գրելու պահուն յայտնի դարձաւ որ Հանրապետական 5-րդ պատգամաւորը դուրս եկած է կուսակցութենէն, յայտարարելով որ այսուհետեւ պիտի գործէ անկախ պատգամաւորի կարգավիճակով: Այսպիսով, ՀՀԿ-ի պատգամաւորներու թիւը նուազեցաւ 53-ի ու մէկ հրաժարական եւս, բաւարար պիտի ըլլայ որպէսզի նախկին իշխող կուսակցութիւնը կորսնցնէ խորհրդարանական իր մեծամասնութիւնը, ճամբայ հարթելով Նիկոլ Փաշինեանին` ի գործ դնելու իր կառավարութեան ծրագիրը, որու առանցքը կը կազմէ ընտրական օրէնսգիրքի փոփոխութիւնը եւ արտահերթ ընտրութիւններու կայացումը, ունենալու համար խորհրդարան մը, որ կազմուած ըլլայ ժողովուրդի կամքը արտայայտող պատգամաւորներէ: Տակաւին շաբաթ մը առաջ հանրապետականները համոզուած էին որ պիտի կարողանան ձգձգել արտահերթ ընտրութիւններու կայացումը, իրենց համար աւելի բարենպաստ պայմաններու ակնկալիքով:
Նոր զարգացումներ արձանագրուեցան նաեւ, երբ այլ պաշտօններու վրայ գտնուող պատասխանատու անձնաւորութիւններ սկսան հեռանալ իրենց պաշտօններէն: Ուշագրաւ էր Վճռաբեկ Դատարանի նախագահի հրաժարակը, որու հեռացումը ճամբայ պիտի հարթէ քաղաքական բանտարկեալներու ազատ արձակման գործընթացը արագացնելու ուղղութեամբ:
Միւս կողմէ, նոր կառավարութեան անդամները տենդագին աշխատանքի լծուած են ուսումնասիրելու համար պիւտճէով իրենց նախարարութիւններուն յատկացուած գումարներու օգտագործման եղանակները: Արդէն իսկ կը պարզուի պատկեր մը, որ ցոյց կու տայ թէ ժողովուրդի հաշւոյն հարիւր հազարաւոր տոլարներ կը վատնուէին այնպիսի ծրագիրներու վրայ, որոնց նպատակայարմարութիւնը խիստ կասկածելի են: Մսխուած այդ գումարները, ինչպէս նաեւ կոռուպցիայի միջոցաւ կատարուած իւրացումները ի մի բերելով, յառաջիկային կարելիութիւն կրնայ ստեղծուիլ հասնելու աղքատ դասակարգի վիճակի բարելաւման` կենսաթոշակներու եւ աշխատավարձերու բարձրացմամբ:
Փաշինեանի կառավարութեան մէկ ամսուայ գործունէութիւնը ցոյց կու տայ թէ, յեղափոխութեան հետապնդած նպատակները կասեցնելու փորձերը դատապարտուած են ձախողութեան:
Հայաստանի նոր իշխանութիւնները կը քալեն դանդաղ, սակայն հաստատ քայլերով` գտնուելով ճիշդ ուղիի վրայ:
«ՄԱՍԻՍ»