Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐ Ինքնասպան Եղած է Հեռուստաաստղ Էնթընի Պուրտէյնը․ CNN

Ինքնասպան Եղած է Հեռուստաաստղ Էնթընի Պուրտէյնը․ CNN

by MassisPost

Ֆրանսայի հիւրանոցներէն մէկուն մէջ, Յունիս 8-ին, ինքնասպան եղած է CNN-ի յայտնի հաղորդավար Էնթընի Պուրտէյնը: Այս մասին յայտնած է CNN-ը:

61-ամեայ հեռուստաաստղը, որ նախքան կը զբաղէր խոհարարութեամբ, անցեալ տարի ամերիկահայ ռոք երաժիշտ Սերժ Թանքեանի ուղեկցութեամբ այցելած էր Հայաստան ու Լեռնային Ղարաբաղ եւ իր «Էնթընի Պուրտէյն. անծանօթ տեղանքներ» հաղորդման համար հարցազրոյցներ պատրաստած էր:

Ֆրանս-հրէական ծագումով ամերիկացի յայտնի խոհարարի՝ տարբեր երկրներու խոհանոցներու մասին պատմող, քաղաքականութեամբ համեմուած հաղորդաշարը կը համարուի CNN հեռուստաընկերութեան ամենաբարձր վարկանիշը ունեցող ծրագիրներէն մէկը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment