Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Կեղծիքներով ու Ընտրակաշառքով Ձեւաւորուած Օրէնսդիր Իշխանութիւնը Պէտք է Հեռանայ»․ Փաշինեան

«Կեղծիքներով ու Ընտրակաշառքով Ձեւաւորուած Օրէնսդիր Իշխանութիւնը Պէտք է Հեռանայ»․ Փաշինեան

by MassisPost

Արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու նախապատրաստումն ու իրականացումը Նիկոլ Փաշինեանի ղեկավարած կառավարութեան՝ խորհրդարան բերած ծրագիրի առաջնային կէտերէն է: Վարչապետը յայտարարած է՝ իրենց հիմնական նպատակը ազատ, արդար եւ թափանցիկ ընտրութիւններու հնարաւորութիւնը ժողովուրդին վերադարձնելն է:

Վարչապետն ու անոր աշխատակազմը կը կարծեն՝ արտահերթ ընտրութիւններ անհրաժեշտ է իրականացնել առաւելագոյնը մէկ տարուան ընթացքին:

«Բնական հարց կը ծագի՝ իսկ ինչո՞ւ արտահերթ ընտրութիւնները չիրականացնել հենց հիմա», – նշած է վարչապետը՝ շարունակելով․ – «Անկեղծ ասած՝ ընտրութիւնները հենց հիմա անցկացնելը մեր քաղաքական թիմին ամենաձեռնտու տարբերակն է, որովհետեւ մեր կազմակերպած եւ առաջնորդած թաւշեայ յեղափոխութեան ոգեւորութիւնը գտնւում է իր գագաթնակէտին, եւ որեւէ կասկած չկայ, որ ընտրութիւններն այսօր անցկացնելու դէպքում մեր քաղաքական թիմը կը յաղթէ բացարձակ մեծամասնութեամբ»:

Փաշինեանը հաւաստիացուցած է՝ մէկ տարուայ մէջ իրականացնելու պարագային հնարաւոր կ’ըլլայ բարելաւել ընտրական համակարգը, բացի այդ՝ քաղաքական միւս ուժերը հնարաւորութիւն կ’ունենան նախապատրաստուիլ ընտրութիւններուն:

Նիկոլ Փաշինեանի կարծիքով, Հայաստանի զարգացումը արգելափակած առանցքային խնդիրը ընտրութիւններուն ժողովուրդի կամքի հետեւողական ձեւախեղումը եղած է: Հայաստանի անկախացումէն ետք տեղի ունեցած համապետական բոլոր ընտրութիւններու արդիւնքները, բացառութեամբ 1991 թուականի նախագահական եւ 1999-ի խորհրդարանական ընտրութիւններու, կեղծուած են, Ազգային ժողովի ամպիոնէն իր կարծիքը յայտնեց Հայաստանի վարչապետը:

Իսկ ինչո՞ւ պատշաճ քննութիւն չէ իրականացուած, մեղաւորները արժանի պատասխանատուութեան չեն ենթարկուած․ Փաշինեան ըսած է՝ որովհետեւ իշխանութիւնը, որպէս մեղաւոր, պէտք է բացայայտէր ինքզինք:

«Հայաստանում գործել է պետութիւն՝ պետութիւնից դուրս: Ձեւաւորուել է ընտրակեղծարար արտօնեալների մի խաւ, ներառեալ՝ նրանց սպասարկող դատաիրաւական համակարգը եւ նրանց հովանաւորող պետական իշխանութիւնը, որը դուրս է եղել օրէնքից եւ Հայաստանի օրէնքները նրանց անհրաժեշտ են եղել միայն քաղաքական հակառակորդներին եւ անվերահսկելի տարրերին վերահսկելու, հետապնդումներու ենթարկելու, ծնկի բերելու համար: Եւ պետութիւնը բռնազաւթած այս ապապետական համակարգը մարդկանց լռեցնելու, վարկաբեկելու, իրար դէմ հանելու, ֆիզիքական եւ հոգեբանական հաշուեյարդարի ենթարկելու համար միլիոնաւոր տոլարներ ծախսած է»,- յայտարարած է վարչապետը:

Ընտրութիւնները կեղծող իշխանութիւնը, ըստ Փաշինեանի, իր առջեւ չէ դրած շօշափելի տնտեսական աճ ապահովելու խնդիր․- «Որովհետեւ ներառական տնտեսական աճը, որի ազդեցութիւնը իրենց վրայ զգում են շատ աւելի մեծ թիւով մարդիկ, դժուարացնում է մարդկանց վերահսկելու գործընթացը եւ ոչ միայն փոքրացնում ընտրակաշառքի ազդեցութիւնը, այլեւ մեծացնում դրա պոտենցիալ (կարողական) չափը, որովհետեւ աւելի բարեկեցիկ մարդը պակաս հակուած կ’ըլլայ ընտրակաշառքին, իսկ հակուած ըլլալու պարագային շատ աւելի մեծ ակնկալիք կ’ունենայ: Իսկ նման իրավիճակում փողերը կարող են եւ չհերիքել»:

Ոչ բռնի, թաւշեայ, ժողովրդական յեղափոխութեան որպէս արդիւնք իշխանութեան եկած կառավարութիւնը, ըստ Նիկոլ Փաշինեանի, պատմական առաքելութիւն ունի՝ Հայաստանը հզօր, ազատ եւ երջանիկ պետութիւն դարձնելը:

Մտադիր են էականօրէն մեծցնել պետական եկամուտները, կրճատել ստուերային տնտեսութիւնը, ոչնչացնել արհեստական տնտեսական մենաշնորհները, արմատախիլ ընել կաշառակերութիւնը:

«Վարչապետի պաշտօնում չեմ մտնելու կոռուպցիոն որեւէ գործարքի մէջ, վարչապետի պաշտօնավարումից որեւէ կողմնակի եկամուտ չեմ ունենալու, ցանկացած պաշտօնեայ, դատախազ, միլպետ, հարկայինի պետ, նախարար եւ այլն, ով կը փորձի փայ մտնել որեւէ բիզնեսում, այսպէս ասած՝ «նալոգ դնել» որեւէ գործարարի վրայ, իմ անձնական թշնամին է եւ պիտի սպասի պետութեան ու օրէնքի ջախջախիչ հակահարուածին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment