Հայաստանի երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Հանրապետական կուսակցութեան յետագայ իշխանավարման դէմ պայքարը գլխաւորող Ազգային ժողովի «Ելք» խմբակցութեան ղեկավար, «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան առաջնորդ Նիկոլ Փաշինեանը կոչ ըրած է Հայաստանի քաղաքացիներուն՝ Մայիս 1-ին առաւօտեան ժամը 8։00-էն կրկին դուրս գալ փողոց եւ «հեղեղել Երեւանի փողոցներն ու հրապարակները»։
Նշենք, որ Փաշինեան վարչապետի պաշտօնակատար, ՀՀԿ փոխնախագահ Կարէն Կարապետեանը հրաւիրած էր «Մարիոթ» հիւրանոց՝ սկսելու բանակցային գործընթացի երկրորդ փուլը: Սակայն վարչապետի պաշտօնակատարի մամուլի խօսնակ Արամ Արարատեանը յայտնեց, թէ բանակցութիւններուն մասնակցիլը Կարէն Կարապետեանը կը համարէ «անհեռանկարային»։
«Բանակցութիւնները, ուրտեղ մի կողմը բացառապէս թելադրում է օրակարգ, իսկ միւսը չի կարող օրակարգ ներկայացնել՝ չեն կարող համարուել բանակցութիւններ: Բացի այդ, Կարէն Կարապետեանը մնում է այն տեսակէտին, որ լրատուամիջոցներու առջեւ բանակցութիւնների անցկացումն արդէն իսկ ենթադրում է, որ բանակցութիւնների նպատակը որեւէ արդիւնք արձանագրելը չէ: Այդ իսկ պատճառով մասնակցել «բանակցութիւնների», որոնք լուծումներ գտնելու հաւանականութիւն չունեն, վարչապետի պաշտօնակատարը համարում է անհեռանկարային», – ֆեյսբուքեան իր էջին վրայ հրապարակուած յայտարարութեան մէջ ըսած է վարչապետի պաշտօնակատարի մամուլի խօսնակ Արամ Արարատեանը:
Այն հարցին, թէ ի՞նչ խնդիր կը լուծէ Կարէն Կարապետեանը չգալով, Փաշինեանը պատասխանած է. – «Ես կը կարծեմ, որ Կարէն Կարապետեանը պարզապէս վստահ չէ իր բանակցային ուժերին, եւ եթէ մի մարդ, որն այնքան էլ վստահ չէ իր բանակցային ուժերին իր հայրենիքի ներսում, ինչպէ՞ս է նա պատրաստւում ընդհանրապէս բանակցել Ղարաբաղի հարցի շուրջ»։
Հարցին, թէ Ազգային ժողովի մէջ ի՞նչ իրավիճակ է՝ հաշուի առնելով ՀՅ Դաշնակցութեան եւ «Ծառուկեան» դաշինքի որոշումները, ընդդիմադիր գործիչը պատասխանած է. – «Յոյս ունեմ, որ մինչեւ Մայիս 1 ՀՅԴ եւ «Ծառուկեան» դաշինքը իրենց դիրքորոշումները կը յստակեցնեն եւ այսօր-վաղը կը յայտարարեն, թէ ինչպէս են իրենք պատրաստւում քուէարկել»։
Փաշինեանը վստահեցուց՝ խօսքը ոչ թէ վարչապետի ընտրութեան կամ պաշտօնակռիւի մասին է, այլ Հայաստանի մէջ ստեղծուած ճգնաժամը լուծելու։